ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հիմա ազգն ամբողջանում է: Էս նոր սերնդի մէջ կը լինի Նժդեհ, Խաչատրեան, Կոմիտաս… էս հանճարները նորից կը ծնուեն»։
Աղասի Այվազեան

Նկատի առէք, օրինակի համար, միջազգային թէ շրջանային տեղեկատուական լրահոսի նորագոյն հրապարակումներէն երկուքը, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի, մօտէն կամ հեռուէն կ՛առընչուին հայ ժողովուրդի երթին ու դիմագրաւած հարցերուն.
– Ատրպէյճանի նախագահը կը յայտարարէ, թէ իր երկրին գլխաւոր թշնամին «Հայկական Լոպի»ն է…
Կարծէք չի բաւեր, որ Պաքուի մենատէրը դեռ չէ քաւած Սաֆարովի ազատ արձակման իր դիւանագիտական մաքսանենգութեան յանցանքը… Ահա՛ ելած է պահանջատէր հայութիւնը մեղադրելու՝ Հայաստանի հետ իբր թէ «լեզու գտնելու» ատրպէյճանեան ճիգերը խանգարելու «յանցանքով»։
– ՆԱԹՕ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները «վտանգուած» կը նկատեն Թուրքիոյ ապահովութիւնը՝ սուրիական սահմանամերձ գօտիէն արձակուած հրթիռներուն հետեւանքով… Առ այդ՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրենց գլխաւոր զինակիցին «օգնութեան» հասնելու փոյթով, արար–աշխարհին կը յայտարարեն, թէ որոշած են օդային տարածքի պաշտպանութեան գերարդիական իրենց հրթիռային համակարգէն անհրաժեշտը տրամադրել թրքական բանակին։
Դարձեալ՝ կարծէք չի բաւեր, որ սուրիական տագնապին ուղղակիօրէն միջամուխ դառնալով, Թուրքիա կը փորձէ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ բրտօրէն հաշուեյարդար տեսնել իր կամայականութեանց ընդդիմացող ուժերուն հետ… Հիմա ալ կը ստանայ ՆԱԹՕի ռազմական հովանաւորութիւնը, որպէսզի յառաջ մղէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի միջազգեան եւ միջ–կրօնադաւանական զգայուն հաւասարակշռութիւնը խախտելու իր քաղաքական «առաքելութիւնը»։
Յետոյ՝ նկատի առէք, նոյնպէս օրինակի կարգով, հայկական լրահոսի վերջին օրերու հրապարակումներէն այն զարգացումները, որոնք, ի Հայաստան թէ սփիւռս հայաշխարհի, համազգային մտահոգութիւններու օրակարգին վրայ կը բերեն հաւաքական մեր գօտեպրկումը դժուարացնող ներքին կաշկանդումները.
– Հայաստանի իշխանաւոր մեծամասնութիւնը իր քուէի ուժով կը մերժէ ընթացք տալ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման պահանջներուն։
Կը ստանաք այն տպաւորութիւնը, որ բացառապէս օրուան իշխանութեան «բարեացակամութենէն» կախեալ է պատերազմի մէջ գտնուող մեր երկրին ու ժողովուրդին ներքին դիմադրականութեան ամրապնդման համար այնքան կենսական՝ «ընկերային համերաշխութեան» ապահովումին ծառայող այս պահանջին բաւարարումը։
Աւելի՛ն. կարծէք այսօրուան իշխանութիւնը կը մոռնայ, թէ ինչպէ՛ս, հինգ տարի առաջ եւս, երբ կառավարման ղեկին կը գտնուէր քաղաքական նոյն այս ուժը, օրուան իշխանութիւնը իր քուէի ուժով տապալեց նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման համաժողովրդային պահանջը, որպէսզի աւելի ուշ՝ քաղաքական իր վարկանիշը բարձրացնելու պատեհապաշտութեամբ, ի՛նք նախաձեռնէր յաւելումներու իրականացման…
– Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան հանգանակութեանց ժամանակաշրջանն է եւ հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը կը բարձրանան ձայներ, որոնք հայկական քարտէսի տագնապահար օճախներուն եւ կռուաններուն հասնելու առաջադրանքով՝ Հիմնադրամի առաքելութեան ծիրը ընդլայնելու եւ համահայկական մեր առաջնահերթութիւնները վերադասաւորելու հրամայականը կը շեշտեն։
Բայց ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ, սայլը տեղէն շարժողը դեռ չկայ։
Փոխարէնը՝ Հիմնադրամի հանգանակած գումարէն կոտորակ մը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ուղղելու որոշումը ստացանք…
Կարծէք հայ պետական մտածողութիւնը չ՛անդրադառնար, որ իր իսկ բանաձեւած քաղաքական աշխարհայեացքով՝ Հայաստանը լիարժէք ամբողջութեան կը վերաճի իր Սփիւռքով։
Նաեւ չ՛անդրադառնար, որ հայկական ամբողջութիւնը բաղկացնող իւրաքանչիւր հայօճախ կամ հայապահպանման պայքարի իւրաքանչիւր կռուան իր ուրոյն տեղը պէտք է գրաւէ համահայկական առաջնահերթութեանց դասաւորման մէջ, եթէ Ազգի մարմինը լիաթոք պիտի շնչէ ու կենսագործէ։
Գրեթէ ամէն օր, միջազգային թէ հայկական լրահոսին հետեւելով, հայ քաղաքական միտքը դէմ յանդիման կու գայ արտաքին թէ ներքին, աշխարհաքաղաքական թէ հասարակական, հայանպաստ թէ հայավնաս առօրէական նման զարգացումներու, որոնք անմիջական պատասխաններու եւ լուծումներու հրամայականը կը շեշտեն։ Միաժամանակ կը շեշտեն, ազգովի՛ն, առօրէականէն անդին սեւեռելու, պետական թէ քաղաքական մեր քայլերն ու մօտեցումները համազգային հունով յառաջ մղելու մարտահրաւէրը։
Անշուշտ արհամարհելի չեն օրինակները, այս առումով, դրակա՛ն քայլերու եւ մօտեցումներու։
Հայաստանի նոյն այս իշխանութիւնները իրենց օրակարգին վրայ դրած են, փաստօրէն, Սուրիոյ հայութեան պետականօրէն օգնութեան հասնելու առաջադրանքը, որուն իրագործման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ալ կ՛առնուին։
Նոյնպէս փաստ է, որ ատրպէյճանական ու թրքական սպառնալիքներուն կամ անոնց հակահայ գրգռութեանց դէմ հայ քաղաքական միտքը արթուն կը հսկէ եւ համարժէք պատասխան տալու նկատառելի ճիգ կը թափէ։ Պետական թէ քաղաքական, հոգեւորական թէ հասարակական մեր առաջատար ուժերուն մօտ զգալի է հաւաքաբար շարժում ծաւալելու եւ, աշխարհացրիւ մեր ուժերուն լարումով, հայկական իրաւունքին եւ պահանջատիրութեան յառաջխաղացքին համար նպաստաւոր հող պատրաստելու հետեւողականութիւնը։
Բայց կը գործենք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած ուժերը, մեր Ազգի եւ Հայրենիքի տակաւ արդիւնաւորուող ներուժին բաղդատած, օժտուած են անհամեմատօրէն գերակշիռ հնարաւորութիւններով եւ պետականօրէն հետեւողական յարձակողականի ձեռնարկելու կարողութեամբ։
Վտանգը թշնամական այդ յարձակողականին սոսկ հակազդողը ըլլալու մեր դատապարտուածութիւնն է։
Հայաստանի եւ հայութեան պակսողը մշակումն ու կիրարկումն է յարձակողական այն ռազմավարութեան, որ իբրեւ լաւագոյն պաշտպանողական՝ հակահայ ուժերը պիտի մատնէ հակազդողի դիրքերուն։
Ի վիճակի՞ ենք այդ ոստումին։
Կրնա՞նք յաջողիլ։
Մեր ուժը բաւարա՞ր է։
Պատասխանը, մեր ներուժին իրատե՛ս գնահատումը ունենալու համար, առաջին հերթին ազգովին պատրաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլանք համահայկական այդ ռազմավարութեան մշակումին եւ որդեգրումին։
Ա՛յն ռազմավարութեան՝ որ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կ՛ընկալէ հայկական քարտէսը եւ համապատասխան վերադասաւորման կ՛ենթարկէ մեր աշխարհասփիւռ ուժերը, պայքարի ճակատները եւ յառաջապահ դիրքերը։
Նաեւ ա՛յն ռազմավարութեան՝ որ իրարմէ չի բաժներ, այլ իբրեւ անփոխարինելի լրացուցիչներ կ՛արժեւորէ արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան, հայրենի թէ սփիւռքեան կռուաններու համաքայլ գօտեպնդման առաջնահերթութիւնները։
Ի վերջոյ թեւակոխած ենք Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջացման դարաշրջանը, որուն համատասխան ուժականութեամբ շղթայազերծել է հարկաւոր հայկական ներուժը։
Չմոռնանք, որ մեր ետին ունինք ամբողջ դարաշրջան մը, որ հինգ տարի առաջ այս օրերուն վախճանած մեծատաղանդ հայ արձակագրին՝ Աղասի Այվազեանի բառերով հայ ժողովուրդին աւելիով կոտորակեց եւ հիմա է, որ «Ազգը ամբողջանում է».
– «Ինձ թւում է՝ հայի բնաւորութեան շնորհիւ է, որ մենք էսօր կանք, անկումներից վեր ենք թռչում: Ուրիշ ազգեր Եղեռնից յետոյ կարող է գոյութիւն չունենային, իսկ մենք ծաղկում ենք, քաղաք ենք շինում: Այսինքն դիմակայելու ունակութիւնը հայի մէջ ուժեղ է: Դա բջիջն է հայկական ցեղի, հասկանո՞ւմ էք: Իւրաքանչիւրիս մէջ կան ժողովրդի ծրագիրն ու գեները: Մեզնից իւրաքանչիւրը հաւաքական կերպար է: Հիմա Հայաստանում ունենք լաւ սերունդ, երկար ապրելով՝ ես հետեւել եմ, թէ ինչպէ՛ս են գալիս նորերը: Էդ զարգացումը շատ նկատելի է, երկրի հետ մարդիկ փոխւում են, կամ իրենք են փոխւում ու երկիրն իրենց հետ փոխում: Ես շատ գոհ եմ մեր երիտասարդութիւնից: Հայերին մորթել են, միշտ ասել եմ, հայերի սերուցքը հանել են, մտաւորականութիւնը, ուղեղը ոչնչացրել: 30ականներին էլ Հայաստանում գրողներին ոչնչացրին, ստիպեցին չմտածել: Բոլորը բոլշեւիկներ էին, լոյալ էին որպէս հայ: Հիմա ազգն ամբողջանում է: Էս նոր սերնդի մէջ կը լինի Նժդեհ, Խաչատրեան, Կոմիտաս… էս հանճարները նորից կը ծնուեն»:
Հայու բնաւորութեան շնորհիւ ի վիճակի ենք ամբողջացող ազգի մեր ներուժը լիովին շարժման մէջ դնելու։
–Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ