
ՍԵՒՐ, Ֆրանսա.- Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը պիտի հաստատուի Սեւրի մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Սամուէլ Մուրատ վարժարանի շէնքերուն մէջ: Ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի Սեւր 2015 ընկերակցութեան կողմէ պիտի պարփակէ թանգարան մը, հետազօտական եւ դասախօսական կեդրոն մը:
«Ցեղասպանութեան կեդրոնական հարցէն անդին, որ Հայերու Ֆրանսա հաստատուելուն ծննդեան վկայագիրն իսկ է, մեր ծրագիրի նպատակն է Մայր քաղաքին մէջ հիմնարկի վերածել հայկական ներկայութիւնը եւ փորձառութիւնը: Էապէս քաղաքացիական ծրագիր մըն է այս մէկը, ուժականութեան տէր, գիտական, դէպի ապագան յարող, որ պարզ թանգարանային եւ յուշագրային շրջափակէն անդին կ՛անցնի», կը յայտնէ Սեւր 2015 ընկերակցութեան նախագահ Ժիրայր Կէրկէրեան:
Յուշահամալիրին շուրջ, որ ծրագիրին կեդրոնական տարրը կը հանդիսանայ, հետազօտական կեդրոնը պիտի քննարկէ եւ արտադրէ Ցեղասպանութիւններու եւ Մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ միաժամանակ այլ երեւոյթներու քննարկումներ պիտի իրագործէ, ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային նիւթեր, որոնք առընչուած են Ֆրանսահայերու հարիւրամեայ գոյութեան ու անոնց քաղաքացիական յանձնառութեան:
Ծրագիրին սկիզբ պիտի տրուի անկախ հիմնադրամի մը հաստատումով, որ պիտի օգտուի եկամուտէն Միաբանութեան անշարժ գոյքերուն, որոնք իտէալական դիրք ունին, տեղակայուած՝ Փարիզի մօտ եւ շրջապատուած հայահոծ համայնքներով: Համալիրին բացումը նախատեսուած է 2015ին՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
«Դաշնագիրը, որ 1920ին այստեղ՝ Սեւրի մէջ, ստորագրուած էր, իր մէջ կը պարունակէր խոստումի բոլոր սերմերը, որոնք տակաւին չեն պտղաբերած: Մխիթարեան հայրերու երեք դարու մտաւորական եւ կրթական աշխատանքը շարունակելով եւ անոր տալով քաղաքացիական աննախադէպ ուղղութիւն մը, մեր կամապաշտ ծրագիրը նոր հայեացքով մը պիտի հարստացնէ Ֆրանսայի ուժը հանդիսացող տիեզերականութիւնը, որուն մենք խորապէս կառչած կը մնանք», եզրակացուց Սեւր 2015ի նախագահը:
Սեւրի յուշահամալիրի ծրագիրը հիմնուած է ազգային մեծածաւալ զօրակցութեան վրայ: Նպատակադրած է ըլլալ թափանցիկ եւ նիւթապէս ինքնաբաւ: