ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- «Տը Ուոլ սթրիթ ժուրնըլ»ը լոյս ընծայած է յօդուած մը, որուն մէջ անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին պատճառով դրացի երկիրներուն՝ Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած դժուարութիւններուն՝ յայտնած է, որ այս մէկը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ հարիւրաւոր քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող քրիստոնեայ Հայաստանի վրայ: Սուրիահայերուն հարցերուն վրայ դնելով լուսարձակները՝ թերթը կը գրէ. «Շուրջ 100 հազար հայեր Սուրիան իրենց տունը կը նկատեն, իսկ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին արդէն շուրջ 6000 հայեր վերադարձած են Հայաստան, սակայն հաւանական է, որ անոնց թիւը յառաջիկային շատ աւելի բարձրանայ»:
«Տը Ուոլ սթրիթ ժուրնըլ»ը կը մէջբերէ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այն խօսքը, որուն մէջ ան թէեւ ընդգծած է, որ Հայաստան բոլոր հայերուն հայրենիքն է ու պատրաստ է հիւրընկալելու բոլորը, սակայն միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է գաղթականներուն աշխատանք ապահովելու հարցին գծով: «Մեր երկիրը տնտեսական շատ լաւ վիճակի մէջ չէ հիմա», նշած է նախարարը: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանը համապատասխան պայմաններ կը ստեղծէ դժուարութեան մէջ եղող իր հայրենակիցները ընդունելու համար, մասնաւորապէս սուրիահայերուն մուտքի արտօնագիրներ կը տրամադրուին սահմանին վրայ, վաւերացուած են սուրիական վարորդական իրաւունքները, դպրոցներ բացուած են սուրիահայ երեխաներու համար:
«Սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցած այն պատմութիւնները, թէ թշնամութիւնը միակողմանի է՝ միայն Ասատի կառավարութեան կողմէ, այստեղ՝ Երեւանի մէջ, կը հերքուին: Հայ գաղթականները իրենց աջակցութեան ձայնը կը բարձրացնեն՝ ի պաշտպանութիւն Դամասկոսի», կը նշէ «Տը Ուոլ սթրիթ ժուրնըլ»ը:
Թերթը նաեւ կը շեշտէ, որ Սուրիոյ հայ համայնքը կազմաւորուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.