ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն նիւթապէս աջակցող համահայկական հիմնադրամի ստեղծման հարցը ընդգրկուած է կառավարութեան յառաջիկայ նիստի օրակարգին վրայ, կը գրէ «Փանորամա»։
Որոշման նախագիծով կ՛առաջարկուի լիազօրել Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային հիմնարկը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով հանդէս գալու Հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն նիւթապէս աջակցող համահայկական հիմնադրամին մէջ:
Կ՛առաջարկուի հիմնադրամի գործադիր մարմինի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակել Աւետիք Իսահակեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.