ԵՐԵՒԱՆ, «Ժամ».- Համաձայն հաշուետուութիւններուն, «Երիտասարդ ընտանիքին՝ մատչելի բնակարան» պետական նպատակաուղղուած ծրագիրով 2010էն այսօր կնքուած է 975 վարկային համաձայնագիր, որոնց հիման վրայ տրամադրուած է 7 միլիառ 320 միլիոն դրամի վարկ: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ կատարուած հարց-պատասխանի ընթացքին նշած է ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը՝ արձագանգելով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Գէորգեանի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կ՛ընթանան այդ ծրագիրին աշխատանքները: «Վարկի տրամադրումը շահառուներին ըստ մարզերի ունի հետեւեալ կառուցուածքը՝ Արագածոտն՝ 4, Արարատ՝ 48, Արմավիր՝ 81, Գեղարքունիք՝ 16, Լոռի՝ 68, Կոտայք՝ 98, Շիրակ՝ 71, Սիւնիք՝ 77, Վայոց Ձոր՝ 5, Տաւուշ՝ 16: Երեւան քաղաքում շահառուների թիւը 491 է», դիտել տուած է Գաբրիէլեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.