
«Դու հաստատ կ՛ապրես» կարգախօսին շուրջ հաւաքուած խումբ մը անհատներուն նպատակն է հանգանակութիւն կազմակերպել, որպէսզի կարենան փրկել արեան քաղցկեղէ տառապող 6ամեայ Նարեկ Մարտիրոսեանին կեանքը:
2009ին բացայայտուած է, որ մանուկը այս հի-ւանդութենէն կը տառապի: Բուժման իննամսեայ շրջան մը անցընելէ ետք՝ 2010 թուականին հիւանդութիւնը կրկին «գլուխ ցցած է»: Մոսկուայի մէջ կատարուած քննութիւններուն լոյսին տակ ճշդուած է, որ Նարեկը փրկելու համար պէտք է ոսկրածուծի փոխպատուաստում կատարել:
Հայաստանէն դուրս նման վիրահատութիւն մը կ՛արժէ 120-130 հազար եուրօ: Նարեկի կեանքը փրկելու համար նկարահանուած է նաեւ «Դու հաստատ կ՛ապրես» երգի տեսահոլովակը, որուն գործիքաւորողն է Յարութիւն Տէր Յովակիմեանը՝ Դերհովան, իսկ երգը կը մեկնաբանէ Էլիզաբեթ Ադիկեանը:
Դրամատնային հաշիւը հետեւեալն է.
ՎՏԲ Հայաստան Բանկ
16 07 60 08 83 79 04/ARM
16 07 60 08 83 79 05/ USD
16 07 60 08 83 79 06/EUR
16 07 60 08 83 79 07/RUS
Այս հաշիւին պատասխանահուն է Նաիրա Գրիգորեանը՝ Նարեկի մայրը: Հեռ. 093 67-47-78։