ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին Տըպպայէի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանանքի երեկոյ՝ «Հայ գիրքի տարուան» առիթով:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանի:
Մէկ ժամուան տեւողութեամբ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը երգեր, որոնք փառաբանեցին հայ գիրքը եւ հայոց լեզուն, ինչպէս՝ «Հայոց տառեր», «Խօսք իմ որդուն», «Ով մեծասքան»չ, նաեւ ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ «Կռունկ», «Այ իմ վարդին» եւ այլն: Յայտագիրի ընթացքին ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ մեկնաբանեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր», Վահան Թէքէեանի «Լեզուն որով գրեցի» եւ տոքթ. Մեզպուրեանի «Ով մեծասքանչ դու լեզու» քերթուածները: Ասմունքով հանդէս եկաւ նաեւ Համբարձում սրկ. Պալըքճեան, որ յաջորդաբար մեկնաբանեց Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը» եւ Գէորգ Էմինի «Մեր այբուբենը» քերթուածները: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յասմիկ Գասպարեան՝ դաշնակով, Խաժակ Խաչատուրեան՝ ջութակով, իսկ Գարեգին աբղ. Շխրտըմեան ընթերցեց հատուածներ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Հայ գիրքի տարուան» հռչակագիրին:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց վեհափառը, որ նկատել տուաւ, թէ «Շնորհալի» երգչախումբը տարբեր հմայք ունէր սոյն երեկոյին ընթացքին, որովհետեւ անիկա սովորական համերգ մը չէր, այլ՝ հայ գիրքի փառաբանանքն էր, հայ գիրքի սրբազան պատարագն էր: «Հայ գիրքի փառաբանանքը կատարուած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին… հայ գիրքը մեր կեանքին մէջ եղած է կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն», հաստատեց հայրապետը՝ աւելցնելով, որ հայ գիրքը սովորական երեւոյթ մը չէ հայ կեանքին մէջ. հայ գիրքը տարբեր է իր ոգիով, խորհուրդով, պատգամով:
«Հայ գիրքին մէջ կայ հայու հոգին, հայու հաւատքը, հայուն կամքը, հայուն տեսիլքը… Անիկա հայութիւնը կը պաշտպանէ, հայութեան դիմագիծը կը պահէ», շեշտեց վեհափառը: Ան ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին հայ գիրքը վերածած է սրբազան արժէքի մը, որովհետեւ հայ գիրքը պահած ու պաշտպանած է հայ ժողովուրդը կեանքի փոթորիկներուն դիմաց:
«Առանց հայ գիրքին մեր կեանքը դատարկ է, մեր կեանքին ճամբան մութ է, անիմաստ եւ անդիմագիծ է մեր կեանքը», հաստատեց կաթողիկոսը եւ նկատել տուաւ, որ սոյն համերգին ընդմէջէն հայ գիրքը կ՛ուղղէ հետեւեալ պատգամը. «Հայ գիրք կարդացէ՛ք, հայ գիրք գրեցէ՛ք, որպէսզի հայ գիրքով մեր ժողովուրդը աւելի պայծառանայ, աւելի հայանայ, որովհետեւ հայ գիրքն է մեր ժողովուրդի անմահութեան ճամբան»:
Եզրափակելով իր խօսքը, վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հայ գիրքը կենարար է մեր կեանքին մէջ՝ քրիստոնէական եւ ազգային իմաստով:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.