ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին մէջ 5 Դեկտեմբերին ինկած 3 հրասանդի հրթիռներուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած երկու հայերուն առողջական վիճակը մտահոգիչ չէ, «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան։
Անոր համաձայն, քաղաքի վիճակը գրեթէ նոյնն է, մեծ փոփոխութիւններ չկան, բայց եւ այնպէս վիճակը աւելի կը ծանրանայ։ Արդարեւ, Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը առանց յստակ պատճառի ընդհատուած է, հեռաձայնային ցանցի վիճակը անկանոն է։ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ վառելանիւթի չգոյութիւնը բաւական դժուար կացութիւններ կը ստեղծէ, մանաւանդ որ այդ պատճառով հացի փուռերը չեն աշխատիր, փուռերուն առջեւ կարգ սպասողներու երկար շարքեր կը կազմուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.