
Մշակութային Միութեան հովանաւորութիւնը վայելող եռեակ յոբելեաններու՝ «Զարթօնք» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 75 ամեակին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) 65 ամեակին եւ Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի 60 ամեակներուն: Այս յոբելենական տօնակատարութիւններուն հանդիսութիւնը պատճաշ շուքով տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» հանդիսասրահին մէջ: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան կայացաւ եռեակ յոբելեարներուն տօնակատարութիւնը, որուն իրենց ներկայութեամ պատուեցին լիբանանեան կառավարութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վրէժ Սապունճեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Կորիւն արք. Պապեան, Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ՝ Ժան Օղասապեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան եւ Սերժ Թուրսարգիսեան:
Հանդիսութիւնը մեկնարկեց Վահան Թէքէեան վարժարանի երգչախումբի ելոյթով՝ խմբավարութեամբ Նորա Եղիայեանի:
«Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԹՄ միութեան կատարած ազգային դերին ու «Զարթօնք»ի վաստակին: «Մեր թերթին անցած 75 տարիներու վաստակն ու ազգային-քաղաքական ուղեգիծը ընդմիշտ եղած է ողջմիտ ու համապատասխան մեր ազգային շահերուն: «Զարթօնք» անփոփոխ հաւատարմութեամբ հետեւած է այդ ուղիին, կը հետեւի այսօր՝ եւ պիտի հետեւի նաեւ վաղը», ըսաւ Պայծիկ Գալայճեան:
«Վահան Թէքէեան» վարժարանի պատմականին մասին իր խօսքը յայտնելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռաֆֆի Յովսէփեան: Ան իր ակնարկները սեւեռեց վարժարանի հիմնադրութեան օրերուն եւ ապա յանգրուան առ հանգրուան ներկայացուց պատմական իրողութիւններ, որոնք քար-քարի վրայ դնելով վարժարանը հասցուցին ներկայի իրավիճակին, ազգային դաստիարակութեամբ տոգորուն աշակերտութեամբ շնչող կրթական հաստատութեան:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Լուսինէ Տագէսեան, որ դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա»ն եւ Շոփենի «Նոքթիւրն op. 72» կտորները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Զարթօնք օրաթերթի տնօրէն, ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր, ԹՄՄի Հիմնադիրներու մարմնի ատենադպիր Արտաւազդ Մելքիսէթեանը փոխանցելու համար իր խօսքը: Ան նախ արժեւորեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ունեցած ազգային գործունէութիւնը Լիբանանի տարածքին եւ ապա իր ակնարկները սեւեռեց «Զարթօնք»ի ծննդոցին:
Հուսկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կորիւն արք. Պապեան հրաւիրուեցաւ բեմ ընթերցելու կոնդակները Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, որոնցմէ ետք ան յայտնեց իր շնորհաւորական ջերմ խօսքերը յոբելեարներուն: Ան ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց բոլոր նուիրեալներուն դիմագրաւելու համար նորանոր մարտահրաւէրները: