ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան յատուկ վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2012ին, Կեդրոնական գրասենեակէն ներս:
Վիճակաձգութեան ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Փոլին Կեցոյեան, ԱՄՆ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմէն Թալին Մկրտիչեան, Պոսթընի մասնաճիւղերու անդամներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի եւ Արեւելեան ԱՄՆի գրասենեակի անձնակազմը:
Յանուն Կեդրոնական վարչութեան խօսք առնելով, Փոլին Կեցոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք վիճակահանութեան տոմսեր գնելով քաջալերեցին այս ձեռնարկը, նշելով որ հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի համահայկական ծրագիրներուն: Կեցոյեան շնորհակալութեամբ ընդգծեց նաեւ ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներու մասնաճիւղերու եւ անդամներու նուիրեալ աշխատանքը՝ ի խնդիր այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, եւ եզրափակեց իր խօսքը մասնակիցներուն ուղղուած բարեմաղթանքով:
Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ երեք պարգեւները ստացան հետեւեալները.
Առաջին պարգեւ՝ 7,500 տոլար՝ թիւ 1093 տոմսը, Զօրիկ Գասպարեան (Լոնտոնէն).
Երկրորդ պարգեւ՝ 5,000 տոլար՝ թիւ 605, Պելլա Յակոբեան (Կլենտէյլէն, ԱՄՆ)
Երրորդ պարգեւ՝ $2,500 տոլար՝ թիւ 1169, Մունէր Դարբինեան (Քուէյթէն)
Վիճակաձգութեան աւարտին, Կեդրոնական գրասենեակը կապ հաստատեց պարգեւ ստացողներուն հետ, պաշտօնապէս փոխանցելու արդիւնքն ու Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքը:
Վիճակաձգութիւնը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ ՀՕՄի կայքէջէն: Դիտելու համար այցելել՝ www.ars1910.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.