
ԱԹԷՆՔ.- Աւանդութեան համաձայն, 24 եւ 25 Նոյեմբերին Թեսաղոնիկէի մէջ մեծ շուքով տօնուեցաւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ ուխտի օրը եւ հիմնադրութեան 109ամեակը: Նոյեմբեր 24ին կատարուեցաւ ժամերգութիւն, իսկ երեկոյեան Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ թաղական խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Խօսք առին նաեւ թաղականութեան ատենապետը եւ թեմի առաջնորդը:
Նոյեմբեր 25ին մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ տարիներու գոյատեւման, յորդորեց ներկայ հայ ժողովուրդը արթուն պաշտպանը ըլլալ հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն: Ան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ տարի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 110ամեակը ըլլալով, որոշ անակնկալներ եւ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին:
Մատաղի օրհնութեան ընթացքին տարիներու ծառայութիւն ունեցող եկեղեցւոյ դպիրներ՝ Ռուբէն Գասպարեանի, Թոնի Գասեմեանի եւ Վահրատ Թեքօղլուի ուրարի տուչութիւն կատարուեցաւ: