ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբերի առաւօտուն, անմիջապէս որ իմացաւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանման լուրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատելով Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աուտէ արքեպիսկոպոսին հետ, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ու նաեւ իր ճամբով՝ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթ է Հազիմ պատրիարքին 1970էն սկսեալ: Անոնք մօտէն գործակցած են միջեկեղեցական շարժումին մէջ, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդի շրջագիծէն ներս: Անկախ այս բոլորէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն եղած է միշտ: Վեհափառ հայրապետը Կիրակի օր անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.