
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մօտաւորապէս 100 կարիքաւոր ընտանիքներ՝ Կլենտէյլէն, Փասատինայէն ու Հոլիվուտէն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի ընկերային սպասարկութեանց գրասենեակէն ճաշեր եւ հնդկահաւեր ստացան Գոհաբանութեան օրուան առիթով:
Այս ծրագիրը կարելի դարձաւ՝ շնորհիւ շարք մը նուիրատուներու, ինչպէս Շահապ եւ Նատիա Շեմսի, «Շամլեան» Ազգային վարժարանի ծնողական օժանդակ մարմինը ու Ս. Աստուածածին եկեղեցին: