
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 11 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով, 10 Դեկտեմբերին Մոսկուա մեկնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգի վրայ եղող ԱՊՀ ծիրին մէջ ռազմական ու ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շուրջ երեք տասնեակ հարցեր:
Ասոր զուգահեռ, պաշտպանութեան նախարարը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ ԱՊՀի անդամ պետութիւններու իր գործընկերներուն հետ, պիտի ստորագրուին երկկողմանի համագործակցութեան 2013ի ծրագիրներ ու համաձայնագիրներ: