
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- «Enjoy» movies եւ «AP» cinema շարժապատկերի ընկերութիւններու միացեալ արտադրութեամբ հայ հանդիսականին պիտի ներկայացուի «Շնորհաւոր Ամանոր, մայրեր» կատակերգական ժապաւէնը, որուն գլխաւոր հերոսն է աշխարհահռչակ դերասան Ալան Տըլոնը։ Դերասանը շուտով Հայաստան պիտի այցելէ՝ Հայաստանի մէջ ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան մասնակցելու նպատակով։
Ժապաւէնը բաղկացած է հինգ վէպերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նկարահանած է բեմադրիչ մը՝ Արտեմ Աքսենենքօ, Սարիկ Անդրէասեան, Անթոն Պորմատով, Տմիթրի Գրաչեւ, Քլիմ Փոփլաւսկի:
«Շնորհաւոր Ամանոր, մայրեր» ժապաւէնը հանդիսատեսներուն մեծ համակրանքը վայելած «Մայրեր» ժապաւէնի շարունակութիւնն է: Անիկա նկարահանուած է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ժապաւէնին մէջ կան տարբեր հերոսներ եւ դէպքեր, սակայն տիրական է մօր հանդէպ սէրը։
Ժապաւէնի պատրաստութեան համար տրամադրուած է 6 միլիոն տոլար (ներառեալ ծանուցողական ծախսերը), իսկ արտադրութեան վրայ ծախսուած է 2 միլիոն տոլար:
Ժապաւէնի արտադրիչներն են Գէորգի Մալկովը, Սարիկ Անդրէասեանը, Ղեւոնդ Անդրէասեանը, Վալերի Սահարեանը, Վլատիմիր Փոլեակովը:
Հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 Դեկտեմբերին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ, իսկ ժապաւէնը մեծ պաստառ պիտի բարձրանայ 27 Դեկտեմբերին։