
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ոստիկանները յառաջիկայ տարի հանրութեան պիտի ներկայանան նոր համազգեստով: «Նիուզ»ի թղթակիցին այս հաստատումը չէ հերքած ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը: Արդէն պատրաստ է նոր համազգեստին ձեւաւորումը: Տակաւին յստակ չէ, որ այդ համազգեստներուն պատրաստութեան համար ճիշդ որքա՛ն դրամ պիտի ծախսուի, սակայն Ահարոնեան դիտել տուած է, որ տրամաբանական գումար տրամադրուած է։ Այս համազգեստի ձեւաւորման գործին մէջ ներդրում ունեցած է նաեւ Վլադիմիր Գասպարեանը։