
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծրագիրի ծիրին մէջ սկսած են Երեւան-Արտաշատ եւ Երեւան-Աշտարակ մայրուղիներու շինարարական աշխատանքները: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է «Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագիր»ի տնօրէն Արա Յովսէփեանը, որ աւելցուցած է, թէ նախատեսուած է շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցնել 2016ի Յունուարին: «2012թ. Սեպտեմբերի 13ից մեկնարկել են շինարարական աշխատանքները, եւ արդէն բաւականին առաջընթաց կայ», նշած է ան:
Ծրագիրը բաժնուած է երեք բաժիններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար կը կնքուի վարկային առանձին պայմանագիր: Առաջին եւ երկրորդ բաժանմունքներու պարագային նախատեսուած շինարարական աշխատանքները իրարու միացուած են եւ արդէն աշխատանքները սկսած են։ Առաջին բաժինին մէջ կը մտնէ Երեւան-Արտաշատ մայրուղիի շինարարութիւնը, զոր աւարտին հասցնելու համար պիտի ծախսուի մօտ 60 միլիոն տոլար, իսկ երկրորդ բաժինի ծախսերը կը կազմեն 170 միլիոն տոլար: Յովսէփեան յայտնած է նաեւ, որ երկրորդ բաժինին մէջ մտնող Աշտարակ-Գիւմրի հատուածի կառուցման աշխատանքները պիտի սկսին այս տարուան Մարտին։ «Երրորդ տրանշով նախատեսաւած Թալին-Գիւմրի հատուածում աշխատանքները սկսելու համար արդէն բանակցել ենք Ասիական զարգացման բանկի հետ եւ մօտակայ ամիսների ընթացքում կը ստանանք վարկը, ինչից յետոյ արդէն մրցոյթ կը յայտարարուի», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ երրորդ բաժինով նախատեսուած հատուածի կառուցապատման ծախսերը կը կազմեն 180 միլիոն տոլար: Բոլոր բաժիններու ֆինանսաւորման համար Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւնը կը համագործակցի Ասիական զարգացման դրամատան հետ: Կարելի է նաեւ համագործակցիլ այլ դրամատուներուն հետ՝ իրագործելու նաեւ Գիւմրի-Բաւրա եւ Արտաշատ-Սիսիան-Մեղրի հատուածի շինարարութիւնը: Շեշտելով ծրագիրի կարեւորութիւնը՝ Արա Յովսէփեան նշած է, որ անիկա տնտեսական լայն հեռանկարներ պիտի բանայ Հայաստանի համար, պիտի բարելաւէ կապը դրացի երկիրներուն հետ:
Շինարարական աշխատանքները կը կատարէ սպանական «Իզոլիւքս Քորսըն» ընկերութիւնը: Ծրագիրի թեքնիք եւ ճարտարագիտական բաժինի վերահսկող ընկերութիւնն է ֆրանսական «Սաֆեժ»ը:
Ընդհանուր 556 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս ճանապարհի կառուցումէն ետք պիտի ապահովուի Հայաստանի հարաւային սահմանէն դիւրին երթեւեկը դէպի Վրաստան, ապա նաեւ Սեւծովեան նաւահանգիստներ, կարելիութիւն պիտի տրուի իրականացնելու եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանող բեռնափոխադրումներ եւ ուղեւորափոխադրումներ, զարգացման լուրջ առիթներ պիտի ստեղծուին Հայաստանի հիւսիսէն հարաւ գտնուող բոլոր շրջաններուն համար։