ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի գրադարանէն ներս երաժշտական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ՝ գրադարանի բարեզարդման ծրագիրներուն նպաստելու համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին բաւական մեծ թիւով աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9-12րդ կարգերու աշակերտներէն ոմանք, որոնք երաժշտական հակումներ եւ կարելիութիւններ ունին: Անոնք իրենց երգերով ու նուագներով խանդավառեցին ներկաները եւ բաւական խոստմնալից պատկեր մը պարզեցին ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն համար:
Երեկոյի երկրորդ բաժինը խանդավառեց երաժշտական «Eternal Mind» խումբը, որ իր սիրայօժար մասնակցութեամբ թէ՛ ձեռնարկը ճոխացուց եւ թէ դպրոցին հանդէպ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց: Հարկ է նշել, թէ այս երաժշտական խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Mosaic 13» տարեկան աւանդական ձեռնարկին: Խումբը իր տպաւորիչ ելոյթով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բոլոր ներկաներուն մօտ:
Ուսուցչական կազմէն ու գրասենեակի պաշտօնէութենէն յատուկ յանձնախումբ մը, լուրջ եւ յարատեւ աշխատանքով յաջողցուց այս հաճելի ձեռնարկը:
Կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր, գրադարանի եւ գիրքերու բուրմունքով լեցուն կախարդական մթնոլորտ եւ, անշուշտ, դպրոցական սուրբ յարկ…, բոլորը իրարու միացած՝ շատ տպաւորիչ երեկոյ մը պարգեւեցին ներկաներուն:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)