ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հալէպի կառավարիչը Երեքշաբթի, Յունուար 15ին հաղորդեց, թէ Հալէպի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած երկու ուժգին պայթումներ առնուազն 82 զոհ խլած են: Քննութեանց առաջին օրը տեղի ունեցած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է: Շրջանը կը գտնուի կառավարութեան հաւատարիմ ուժերու հակակշիռին տակ: Ըստ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ հրթիռներ արձակուած են համալսարանին վրայ եւ յարձակումին պատասխանատու համարուած են «ահաբեկչական խմբաւորումներ»ը:
Միւս կողմէ, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ Թեհրան ժամանած է Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքին, նախագահ Պաշշար Ասատի առաջադրած խաղաղութեան ծրագիրին մանրամասնութիւնները քննելու համար իրանցի պաշտօնատարներու հետ: Իրան անցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ նեցուկ կը կանգնի այդ ծրագիրին՝ յուսալով, որ անոր շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ արիւնահեղութիւնը կասեցնել:
Իր կարգին, Եւրոմիութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփույ վերահաստատեց, թէ Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ, մինչ «ժողովրդավարական եւ համապարփակ փոխանցումը դիւրացնելու ջանքեր կը թափուին»: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ իր հանդիպումէն ետք, ան շեշտեց, որ Եւրոմիութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան, եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին կոչ ուղղեց Իպրահիմիի հետ գործակցելու:
Նաեւ, Թուրքիոյ նախագահի միջինարեւելեան հարցերով աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Իրան պէտք է Սուրիոյ մէջ «լուծումին եւ ոչ թէ խնդիրին մէկ մասը ըլլայ»: Ան աւելցուց, թէ «սուրիացի ժողովո՛ւրդը միայն կրնայ իր ճամբու քարտէսը գծել»՝ նշելով, որ վստահ է, թէ սուրիացիները կարողութիւնը ունին «ազատ, միացեալ, ժողովրդավար եւ արաբներէ, թուրքմէններէ, քիւրտերէ, իսլամներէ ու քրիստոնեաներէ բաղկացած» հայրենիքի մը հասնելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.