ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փարիզի մէջ կասկածելի պայմաններու տակ սպաննուած երեք քիւրտ գործիչներու յուղարկաւորութիւնը Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին պիտի կատարուի Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, եւ շատ հաւանական է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ երեք կիներու սպանութեան հարցը զանգուածային ցոյցի մը վերածուի՝ յուղարկաւորութեան անուան տակ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Տիարպեքիրի նահանգային պետ Զիւպէյտէ Զիւմրիւթ ըսաւ, որ սպաննուած երեք կիներուն մարմինները Չորեքշաբթի առաւօտ Փարիզէն պիտի բերուին։ Սպաննուածներուն մասին «մեր ընկերուհիները» բացատրութիւնը գործածելով՝ Զիւմրիւթ ըսաւ, որ մարմինները պիտի տարուին Պայրամօղլուի մզկիթ, ուր յուղարկաւորութեան արարողութիւն պիտի կատարուի։ Այնուհետեւ, մարմինները պիտի փոխադրուին «Պաթըքենթ» հրապարակ, ուր ատենօք կը կատարուէին Նեւրուզի տօնակատարութիւնները։ Հոն բազմամարդ հաւաք մը պիտի կատարուի սպաննուածներուն համար։ Ապա, Սաքինէ Ճանսըզի մարմինը պիտի ուղարկուի Տերսիմ (Թունճելի), Ֆիտան Տողանի մարմինը՝ Էլպիսթան, իսկ Լէյլա Սէօյլէմէզինը՝ Մերսին։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ ու կառավարութեան խօսնակ Պիւլենտ Արընչ յայտնեց, որ յուղարկաւորութիւնը պէտք չէ քաղաքական շահագործումներու առարկայ դառնայ։ Մտավախութիւններ կան, որ որոշ շրջանակներ այս յուղարկաւորութիւնը քաղաքական եկամուտ ապահովելու առիթի մը վերածեն։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու, Երկուշաբթի օր կոչ ըրաւ կառավարութեան՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու: Քըլըճտարօղլու ըսաւ, որ բանակցութիւնները պէտք չէ Փարիզի սպանութիւններէն ազդուին:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական եւ երեսփոխան Էալչըն Աքտողան յայտնեց, որ Օճալանի հետ բանակցութեանց ճամբով ընթացք առած հոլովոյթը կը վայելէ մեծ զօրակցութիւն, որ այնքան մեծ է, որ նոյնիսկ Փարիզի սպանութեանց կրնայ դիմանալ: «Ընդհակառակը, վճռակամութիւնը աւելի ընդգծուած է. հոլովոյթը շարունակելու եւ զայն լուծումի մը հասցնելու կամքը աճած է», ըսաւ Աքտողան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.