ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քաղաքական մեկնաբաններուն մեծ մասը կը նախատեսէ, որ նախագահ Օպամայի կողմէն իբրեւ պաշտպանութեան յաջորդ նախարար առաջադրուած թեկնածուն՝ նախկին ծերակուտական Չաք Հակելը այդ պաշտօնին վրայ հաստատման առիթով վիճելի քննարկումներ տեղի ունենան զինուած ուժերու յանձնաժողովին, ապա ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին։
Ծերակոյտի մէջ գտնուած իր 12 տարիներու ընթացքին հանրապետական Հակել արդէն իսկ վիրաւորած է բազմաթիւ ընտրողներ, ներառեալ՝ իր հարազատ կուսակցութեան պահպանողական ծերակուտականները, ինչպէս նաեւ՝ հրեայ ամերիկացիները, ամերիկահայերը, քուպայական ծագում ունեցող ամերիկացիները եւ միասեռականները: Իր քննադատները հանդարտեցնելու եւ ծերակոյտի հաստատումը ապահովելու նպատակով ծերակուտական Հակել վերջին օրերուն զբաղած էր հերքումներ տարածելով եւ տարբեր խումբերէ ներողութիւններ հայցելով:
Հրեայ ամերիկացիները Հակելի թեկնածութեան առաջադրման մասին լսելով՝ խստօրէն քննադատած են զայն Իրանի հանդէպ մեղմ եւ Իսրայէլի հանդէպ կոշտ ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ՝ անոր այն արտայայտութեան համար, թէ՝ «հրէական լոպպին» Միացեալ Նահանգներու մէջ «բազմաթիւ անձեր» կը սարսափեցնէ։
Ծերակուտական Հակել՝ 7 Յունուարին «Տը Լինքոլն Ճըռնըլ սթար» թերթին ճամբով պատասխանած է վերոյիշեալ արտայայտութիւններուն՝ ըսելով, որ իր կեցուածքները կը փաստեն, որ ցուցաբերած է «աներկդիմի, ամբողջական աջակցութիւն Իսրայէլին» եւ տնտեսական խիստ պատժամիջոցներու կիրարկում՝ Իրանի դէմ: «Կասկածի նշոյլ անգամ չկայ, որ ես հակաիսրայէլական եմ, իսկ (Ծերակոյտի) որեւէ քուէարկութիւն չէ վնասած Իսրայէլի», թերթին ըսած է Հակել:
Թեկնածուն նաեւ հրաժարած է 1998 թուականին իբրեւ դեսպանական թեկնածու առաջադրուած Ճէյմս Հորմըլին, որուն ան անուանած էր «բացայայտ, կռուազան միասեռական», դէմ ըլլալէ: Նախորդ շաբաթ ան ներողութիւն խնդրած է միասեռականներու իրաւունքներու պաշտպան խումբերէն՝ նշելով, որ իր նախկին արտայայտութիւնները «անզգուշ» եղած են:
Բայց եւ այնպէս, պաշտպանութեան նախարարական թեկնածուն տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր շատ անզգոյշ ակնարկութիւններուն համար:
2 Յունիս 2005ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ծերակուտական Հակել իր առարկութիւնը արտայայտած է Քոնկրեսի մէջ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերեալ. «Պատմաբաններ եւ ուրիշներ պէտք է զբաղին այս հարցով: Սակայն չեմ կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս կամ այլ ձեւով պէտք է միջամուխ ըլլայ այդ խնդիրի մէջ՝ բանաձեւով կամ այլ միջոցով: Ինչ որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն մէկը՝ ես կը կարծեմ, որ այս հարցի լուծման լաւագոյն ճանապարհը զայն պատմաբաններուն եւ այլոց բաց քննարկման յանձնելն է, անոնք կը պարզեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՛ւ»: Ճիշդ ա՛յս է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողական վարչակարգին դիրքորոշումը։
Շարունակելով՝ ծերակուտական Հակել հայ լրագրողներուն ըսած է. «Հարցը այն է, որ այս տարածաշրջանը պէտք է յառաջանայ: Պէտք է մնայուն խաղաղութիւն գտնենք Թուրքիոյ ու Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներուն միջեւ: Ես չեմ կարծեր, որ անցեալին նայելով եւ գործելով այնպէս, որ այս կամ այն կողմը այդպիսով վատ դրութեան մէջ գտնուի, պիտի օժանդակէ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ տանելուն»: Այս մեկնաբանութիւնները պարզապէս նպատակ ունէին քօղարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ոճրագործութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծերակուտական Հակելի յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կարելի է յստակ կերպով տեսնել անոր հիացմունքը թրքական հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի նկատմամբ, որ շարունակած է նախորդ վարչակարգին նախաձեռնած ցեղասպանութիւնը: Զարմանալի չէ, որ Միացեալ Նահանգներու «Աթաթուրք» ընկերութիւնը 19 Մայիս 2005ին ծերակուտական Հակելին նուիրած էր «Աթաթուրք» ընկերութեան ղեկավարութեան մրցանակը, անոր Հայաստան կատարելիք այցելութենէն միայն երկու շաբաթ առաջ, սատարելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով թրքական կառավարութեան ունեցած դիրքորոշման:
«Հիւրրիէթ» թերթը կը մէջբերէ ծերակուտական Հակելի 2008 թուականի ելոյթէն, ուր ան հետեւեալ մեծապէս գովասանական յայտարարութիւնը կատարած է ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիրին մասին. «Աթաթուրքը 21րդ դարու ամէնէն արժէքաւոր ղեկավարներէն մէկն է: Միացեալ Նահանգներու երեխաները այս մեծ առաջնորդին մասին բան չեն գիտեր: Անոր մասին երեխաներուն պէտք է դասաւանդել դպրոցներուն մէջ եւ գրել պատմութեան դասագիրքերու մէջ: Աթաթուրքը առաջնակարգ դեր խաղացած է ներկայ աշխարհի ձեւաւորման մէջ»:
Էտըմ Քրետոն, «Ուաշինկթըն ֆրի պիեքըն» թերթի մէջ հրապարակած է՝ «Չաք Հակել հայկական հարց ունի» խորագիրը կրող յօդուած մը, որուն մէջ կը մէջբերէ խօսքերը ամերիկահայերու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, որոնք մեծապէս մտահոգ են Հակելի առաջադրումէն: Ստորեւ՝ անոնց յայտարարութիւններէն քանի մը հատը.
– «Մենք կը շարունակենք մտահոգ մնալ նախկին ծերակուտական Հակելի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Անգարայի «բերան փակելու» քաղաքականութիւնը ընդունելով ամերիկեան անկեղծ վերաբերումին նկատմամբ», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
– «Մենք կ՛ակնկալենք հաստատման խիստ գործընթաց, որ նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ծերակուտական Հակելի՝ ուղղակիօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի։
-«Ողջակիզման նախօրէին Հիթլեր ծաղրանքով հարց տուած է. «Այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: Ակնյայտ է՝ ոչ Չաք Հակելը», ըսած է Ողջակիզումի ուսումնասիրութեան «Տէյվիտ Ս. Ուայմըն» հիմնարկի տնօրէն Ռաֆայէլ Մետոֆ:
-«Ամօթալի է այն, ինչ որ Չաք Հակել ըսած է Հայաստանի մէջ 2005 թուականին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ թուրքերու կողմէ հայերու ցեղասպանութեան մասին», ըսած է Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յիշատակի թանգարանի նախկին տնօրէն Ուոլթըր Ռէյչ: «Անոր հաստատման վերաբերող յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին ծերակուտականները պէտք է այս առնչութեամբ դէմ յանդիման գան անոր հետ՝ ակնկալելով, որ ան պիտի անդրադառնայ անոր»։
-«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման Հակելի դէմ ըլլալը «կը մատնէ բարոյական ղեկավարութեան ցնցող բացակայութեան մասին», յայտարարած է Ֆորտհամի համալսարանի իրաւաբանութեան փրոֆեսէօր Թեն Ռոզընպաում:
Եթէ ծերակուտական Հակել ներողութիւն չհայցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած իր «անզգոյշ» մատնանշումներուն համար, այն ատեն ամերիկահայերը պէտք է կոչ ուղղեն ծերակոյտին՝ արգիլելու անոր հաստատումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը