Մեր Կողմնացոյցը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պիտի չուզէինք երբե՛ք տարեթիւերու յորձանուտին յանձնուիլ ու անկէ թելադրուած հիմնաւորել ՀՅ Դաշնակցութեան աւելի քան 120ամեայ երթին ու պատգամին անժամանցելիութիւնը, պարզապէս կրկին անգամ յիշատակելու անոր փառահեղ անցեալն ու ներկայի գործունէութիւնը:
Այլապէս ալ, փաղաքշական խօսքերն ու պսպղուն միտքերը չեն, որ արժանաւորապէս պիտի գնահատեն գաղափարական լիցքով օժտեալ ու իր ժողովուրդին պայքարի արգանդէն ծնունդ առած յեղափոխական այս կազմակերպութեան այնքան հարուստ դիւցազնավէպ պատմութիւնը, որով ապրեցան ու դաստիարակուեցան իրերայաջորդ սերունդներ համակ:
Անոնք՝ առաջին սերունդի ազատութեան ջահակիրները, դէպի մահ սաւառնելու իրենց վճռակամութեամբ անգամ եղան օրինակելի, անվախ, անկոտրում կամքի տէր, քաջարի ու ազնուասիրտ, հայրենասէրի իրենց կերպարին մէջ անփոխարինելի, գաղափարական աշխարհով անբասիր, հայդուկային կազմաւորումով հերոսատիպ, մարդկային վեհ սկզբունքներուն ջանադիր, ցեղային առանձնայատկութեամբ օժտեալ, շահագործուող տարրին օգնելու պատրաստակամ, ազգը պաշտպանելու հաւատամքին կառչած, անկախութիւն կերտելու նախանձախնդիր, հայ ժողովուրդի տառապանքները կիսելու միշտ պատրաստ, անոր արդար իրաւունքին տէր կանգնելու հաւատարիմ, եւ, առանձնապէս ազգակերտ ու հայրենակերտ իրենց արարքներով յիշարժան:
Յիրաւի, եթէ երբեք ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերային–տնտեսական, քաղաքական–գաղափարական տեսլականներուն հանդէպ իրերայաջորդ սերունդներ ցոյց տուին եզակի հաւատարմութեան կոչում եւ արի կեցուածք՝ կերտելով յաղթադրոշմ ու պանծալի էջեր, ապա իրենց կարգին Քրիստափորի, Ռոստոմի ու Զաւարեանի նման անկրկնելի հիմնադիրներ խարսխեցին ղեկավար-առաջնորդի, գաղափարախօսի, հրապարակագիրի, անզուգական գործիչի ու մանաւանդ դաշնակցական կերպարի անշրջանցելի տիպը, որով հմայուեցան, խանդավառուեցան, կլանուեցան ու ամրապնդուեցան դաշնակցական տիտաններ՝ Արաբօ, Հրայր Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ, Սպաղանաց Մակար, Փեթարայ Մանուկ, Չօլոյ, Գալէ, Նիկոլ Դուման, Արամ, Ռուբէն, Իշխան, Անդրանիկ, Գարեգին Նժդեհ, Դրօ, Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան ու անհամար նուիրեալ ու ասպետական հոգիի տէր յեղափոխականներ:
Յայտնապէս նման դիւցազուններու էութենէն ճախրող մէն մի խոյանք, ծառայասիրական գիտակցութիւն, բարբարոս թշնամի՝ թուրքին հարուածելու արիութիւն ու կամքի դրսեւորումներ իսկական պատուանդան հանդիսացան աշտարակելու դաշնակցական բարոյական դիմագիծի ու աշխատանքի կողմնացոյցը, որով առաջնորդուեցան ու պիտի շարունակեն առաջնորդուիլ նորահաս սերունդի ուխտաւոր դաշնակցականներ:
ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԻ ԵՌՈՏԱՆԻՆ
Ո՛վ կրնայ ուրանալ ազգային կեանքի բազմաշերտ ու բազմաոլորտ բնագաւառներու մէջ իր յատուկ ներդրումը ունեցած եւ առհասարակ պատասխանատուութիւն ստանձնած յեղափոխական այս կուսակցութեան պատմագրական հարուստ ժառանգը:
Անոնք՝ հայկազեանց տոհմի ու ասպետական հոգեկերտուածքի ուխտեալները, իրենց ժողովուրդի օրհասական մէկ հանգրուանին, եւ հակառակ դարաւոր խաւարին ու ստրկութեան պատուհասին, եւ ի գին անհատնում զոհողութիւններու եւ տառապալից կեանքին՝ յաջողեցան ըլլալ յառաջամարտիկի դերակատարութեան մէջ եւ ձեւաւորել հայ քաղաքական մտքի ու մարտունակ ոգիի արժեհամակարգը:
Անոնց համար հայրենի լեռներու աստուածամերձ գագաթները չդարձան լոկ հանգստավայրեր, այլ՝ ազատատենչ հոգիներու բագիններ, պայքարի ու խրախուսանքի հնոցներ, յեղափոխական աշխատանքի սրբազան օրրաններ, ուր խստաշունչ քամիներն անգամ չկրցան արգելակել բուռ մը հայդուկներու հրաշակերտ բազուկի զօրութիւնը:
Իրօք, մարդկային թէ բնութենական ստեղծուած ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման, ա-նոնք՝ ազգին երդուեալ ու քաջասիրտ ֆետայիները, մնացին պատնէշներու ու խրամներու հաւատաւոր զինուորագրեալներ եւ սարսափազդու իրենց հարուածներով շատ անգամ շշմեցուցին թուրք ու քիւրտ հրոսակներն անգամ:
Իրօք, Հայկական բարձրաւանդակի հովանիին ներքեւ ապրող իւրաքանչիւր գիւղ թէ աւան, մեծաշէն քաղաք թէ գաւառ եղան դաշնակցական քարոզիչներու եւ յեղափոխականներու դիտավայր, ազգային գիտակցութեան ու գաղափարական հասունացման միջավայր, մշակութային կեանքի, կրթական աշխատանքի ու ժողովրդանուէր վսեմ գործունէութիւններու հանդիսավայր, ուր իրենց քրտինքով, վճիտ արեամբ ու նուիրումի անօրինակելի հասկացողութեամբ ո՛չ միայն հոգեշարժի մղեցին համեստ գեղջուկին թէ առհասարակ հայու ներաշխարհը, այլեւ անոնք դարձան ատենի նորահաս սերունդին ներշնչումի աղբիւրն ու յետագայ բոլոր սխրանքներուն պատուանդանը:
Ապահովաբար, դաշնակցական աշխարհահայեացքին եռոտանին հանդիսացաւ հայրենապաշտի, ժողովրդանուէրի ու գաղափարանուէրի այն հաստաբեստ կաղնին, որուն տոկունութեան, ամրութեան, անսասանելիութեան մէջ իրենց անգնահատելի ներդրումը ունեցան դաշնակացական հաւատաւոր սերունդներ, իրենց կենդանի օրինակին ընդմէջէն ցոյց տալով սխրանքներու եւ գաղափարական հասունացման ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնները, արհամարհելով դաժան կախաղաններու, բանտերու, նկուղներու եւ տառապանքներու անդոհանքը:
Արդ, ամրապնդենք այդ եռոտանին ներկայ օրերուն անգամ:
ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Յայտնապէս դաշնակցական պատմագրութիւնն ու գրականութիւնը չեն, որ անպայման մեզ կը մղեն մեր ուշադրութեան առանցքը դարձնելու նոյնինքն այս կուսակցութեան գործունէութեան առաջին երեսնամեակը, այլ նաեւ ազգի կեանքին մէջ ատենին ու ցարդ շարունակուող դաշնակցականի եզակի դերակատարութիւնն ու ներդրումը:
Այլ խօսքով, ազգի լինելութեան ու ճակատագրին սպառնացող նման օրհաս ժամանակահատուածին, երբ տակաւին նորաստեղծ ու իր առաջին քայլերուն մէջ կը գտնուէր այս կազմակերպութիւնը, յեղափոխական տարրերու, միութիւններու եւ կուսակցութիւններու միաւորումը ապահովելէ անդին՝ իր Առաջին Ընդհանուր ժողովի կայացումով, Ծրագիրի, Կանոնագիրի թէ կազմակերպական հասկացողութիւններու մասամբ յստակեցումով արդէն ազգին ծառայելու ու նուիրուելու իւրայատուկ խայծի ու պատրաստակամութեան ազդանշանը կը տրուէր՝ իբրեւ անդառնալի ճանապարհ ու սրբազան առաքելութիւն:
Եւ իրօք, տասնամեակներու հեռաւորութեամբ իսկ նման անկրկնելի սխրանքներու տիպականութիւն մեզի մտածել կու տայ, թէ մարդկային ինչպիսի՛ ուժկանութեան աղբիւր ամբարած է այս կուսակցութիւնը, որ իր կարգին կարողութիւնը ունեցաւ առանց երկմտանքի նետուելու մաքառումի դաշտ՝ յաղթելու վճռակամութեամբ ու իր ժողովուրդին նոր հորիզոներ պարգեւելու համոզումին ընդառաջ:
Իսկ բնական հետեւութեամբ կ՛արժէ հարցադրել, թէ կեանքի թաւալումին առընթեր, դաշնակցական աշխարհահայեացքին յատուկ մտածելակերպեր, քաղաքական ուղղութիւններ թէ մտասեւեռումներ, գաղափարական արժեհամակարգին արտայայտութիւն եղող կենսաձեւեր, ազգային գործունէութեան տեսադաշտեր, արդեօք տակաւին իրենց ջերմութիւնն ու գրաւչութիւնը կը պահե՞ն, անոնք նորահաս սերունդին մօտ ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն կը ստեղծեն, ծրագրային բարեփոխումի թէ կազմակերպական բարեկարգումի հակամէ՞տ են: Արդի պայմաններու մէջ արդեօք ի՞նչ ձեւով կ՛ընկալուի՛ն կուսակցութեան այդ ուղեգիծը հայ իրականութեան կողմէ, տակաւ ահագնացող աշխարհաքաղաքական կացութիւններու դիմաց ինչպիսի՞ ձեւեր պէտք է որդեգրուին՝ լաւագոյնս ճշդորոշելու ներկայի ընելիքներն ու ապագայի առաջադրանքները, յարափոփոխ մեր առօրեային մէջ մարտավարական թէ ռազմավարական բացթողումներ ու տեղատուութիւնները կարձանագրուի՞ն, անոնք սրբագրելի եւ շրջանցելի՞ են, թէ առկայ երեւոյթներու ընդգծումն անգամ անպատեհութիւններ կը ստեղծեն ըստ ամենայնի:
Այդուամենայնիւ, վերադառնալով դաշնակցական գրականութեան, բարեբախտաբար հոն տակաւին կ՛ապրի՛ն ու կ՛առկայծեն այնպիսի արժէքներ, որոնց վերաթարմացումին անմիջական հարկադրանքին տակ կը գտ-նուինք հաւաքաբար, պարզապէս արիաբար դիմակայելու նոր ժամանակներու դաժան պարտադրանքներն ու մարտահրաւէրները:
Արդարեւ, քիչ մը ամէն տեղ ու ամէն միջավայրի մէջ, անհատական կեանքի օրինակելիութիւնն ու հմայքը ամրապնդելու հրամայականին ներքեւ, դաշնակցական շունչի, կամքի, նուիրումի եւ վարքագիծի նորովի ըմբռնումի արձագանգն է, որ տակաւ ինքզինք կը պարտադրէ, մանաւանդ վերանկախ հայրենիքի ու սփիւռքեան իրադրութիւներու լոյսին տակ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՎԱՅԵԼՔ
Անխուսափելի է ընդունիլ նաեւ այն իրականութիւնը, թէ կեանքի թաւալումին ընդառաջ հաւաքականութիւններ պարտին վերարժեւորման ենթարկել ամէն մտածում, վարքագիծ, կառուցային միջավայր թէ աշխատանքային ծիր, որ սերտօրէն կ՛առնչուի՛ն իրենց զարգացումին եւ արդիւնաւէտ կեանքի յանձանձումին:
Միանշանակ, Դաշնակցութեան պարագային երիտասարդացումի թէ վերաշխուժացման կռուաններ են հանդիսացած եւ կը մնան իբրեւ այդպիսին պատանեկանի, երիտասարդականի եւ ուսանողականի շարքերն ու միութիւնները, ուր եւ էապէս կ՛իմաստաւորուի՛ն սեփական պատմութեան մէն մի դրուագ, առանձնայատկութիւն եւ վերաբերում:
Այլ խօսքով, յեղափոխական այս կուսակցութեան համար եթէ մէկ կողմէ Հայ Դատի, ազգային կեանքի թէ քաղաքական առաջադրանքներու կենսագործումն ու արդիւնաւէտութիւնը հրամայական պահանջներ են, միւս կողմէ՝ կազմակերպական կեանքի առաւել աշխուժացումն ու հզօրանքը անխուսափելի պարտադրանքներ:
Այս առումով, դաստիարակչական վայելք ապրող եւ հպարտութիւն առթող նման եզակի միջավայրեր, հակառակ իրենց երկարատեւ գոյութեան, նպաստին ու իւրայատկութեան, տակաւ կը գտնուին վերարժեւորման հարկադրանքին տակ՝ միութենական իրենց կեանքին, աշխատանքին, դաստիարակչական ձեւերուն եւ մատուցումին կենդանութիւն շնորհելու տեսակէտէ:
Ճիշդ է, որ մանկավարժական արդի ըմբռնումերու եւ մօտեցումներու լոյսին տակ նման կառոյցներ կը դիմագրաւեն որոշակի դժուարութիւններ ու կ՛ապրի՛ն վերաթարմացման անդոհանքը, այդուամենայնիւ մտահան պէտք չէ ընել, որ, դաշնակցական դիմագիծի ու շունչի, աշխարհահայեացքի թէ կեցուածքի օրինակելիութիւնը պահպանելու լոյսին տակ, աւելի քան անհրաժեշտութիւն է շնչաւորել, կենսաւորել ու վկայակոչել նոյնինքն դաշնակցական արժեհամակարգի մէն մի պատուար՝ խորապէս ըմբռնելի դարձնելու համար դաշնակցական հիմնադիրներու, ֆետայիներու, ահաբեկիչներու եւ գործիչներու բացառիկ կազմաւորումն ու զոհողութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը:
Այլապէս ալ, ընդգծելին կը մնայ այն, թէ աւելի քան 120ամեայ իր երթի ընթացքին դաշնակցական իրականութեան համար բացարձակ արժէքներն են եղած այնպիսի ստորոգելիներ (գաղտնապահութիւն, ընկերականութիւն, գաղափարական հասունութիւն, քննական միտք, մարտունակութիւն, քաղաքական առողջ մտածողութիւն եւ այլն), որոնք միանշանակ ապահով պատնէշներ են հանդիսացած դաշնակցական իրականութեան համար եւ նպաստած կազմակերպական կեանքի հզօրանքին:
Արդ, չվարանինք երբե՛ք բոցավառելու դաշնակցական տիպարին իւրայատկութիւնը բնորոշող եւ այլապէս միշտ երիտասարդ պահող արժեհամակարգին շունչ մատակարարելէ: