
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ձեւաչափով պէտք է շարունակուի. Հինգշաբթի, Յունուար 17ին այս մասին յայտարարած է խմբակի ամերիկացի ժամանակաւոր համանախագահ Իան Քելի:
Ան ընդգծած է, որ ձգձգուող հակամարտութիւնները կը շարունակեն մնալ ԵԱՀԿի գլխաւոր մտահոգութիւնը, եւ անոնց վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու նպատակով՝ խորհուրդ տուած է ԵԱՀԿի գործող նախագահ՝ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարին, որ հակամարտութիւններու գծով նշանակէ յատուկ ներկայացուցիչ մը:
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ամբողջացած էր ամերիկացի նախորդ համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքիի առաքելութեան ժամկէտը, որմէ ետք այդ պաշտօնին համար ժամանակաւորապէս նշանակուած էր Քելի, որ ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը ստանձնած էր 2010ին: