
ՊՈԼԻՍ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ իր մահկանացուն կնքած է քաղցկեղի դարմանումներու ընթացքին: Ան 72 տարեկան էր: Պիրանտ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք մտաւորականներէն մէկը չէր, յաճախ կոչեր կը կատարէր իշխանութեանց, որ աւելի լայնախոհ մօտեցում ցուցաբերեն: Զոր օրինակ, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումէն ետք, հակադարձելով Թուրքիոյ մէջ Փարիզի դէմ սկսած յարձակումներուն՝ ան կոչ ըրաւ իշխանութեանց եւ հանրութեան, որ լրջօրէն ուսումնասիրեն «1915ի իրադարձութիւնները»:
«Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ որեւէ երկրի կողմէ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն համարուելէ ետք՝ թրքական կողմէն հնչող սպառնալիքները, դեսպաններու ետկանչը, ժամանակաւոր պատժամիջոցները եւ բարձրաձայն պոռալը ոչ մէկ արժէք եւ ազդեցութիւն ունին: Ցեղասպանութեան պնդումները դիմակայելու համար, անհրաժեշտ է լաւ հասկնալ, թէ իրապէս ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915ին: Թրքական հասարակութեան մեծ մասը ծանօթ չէ այդ իրադարձութեանց: Եկէք մէկ կողմ ձգենք պաշտօնապէս հնչող վարկածները եւ խորապէս ուսումնասիրենք այդ իրադարձութիւնները: Նախքան առարկելը՝ անհրաժեշտ է իմանալ ճշմարտութիւնը: Գր-գռուած հասարակութեան աչքը ոչինչ կը տեսնէ: Մինչեւ այսօր, մենք միայն «ոչ՛» ըսած ենք, առանց գիտնալու, թէ իրապէս ի՛նչ տեղի ունեցած է այն ատեն: Մենք բաւարարուած ենք միայն պաշտօնական թեզով՝ չփորձելով ունենալ սեփական կարծիք: Իշխանութիւնները մինչեւ օրս «ո»չէն այդ կողմ չեն անցած: Միայն «ո՛»չ ըսելով՝ ահաւասի՛կ, այս օրին հասած ենք», ահազանգած էր Պիրանտ: