
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան զանազան միջոցառումներ:
Ըստ «Ակօս» թերթի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ ամերիկացի յայտնի մտաւորական, լեզուաբան եւ պատմաբան Նոամ Չոմսքի եւս որոշած է մասնակցիլ Տինքին նուիրուած ձեռնարկներէն մէկուն, որ Ուրբաթ, Յունուար 18ին, Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուելիք «Հրանդ Տինք. Մարդկային իրաւունքներն ու խօսքի ազատութիւնը» խորագիրով գիտաժողովն է:
Նոյն համալսարանին մէջ Չոմսքի նաեւ «Թուրքիան եւ զայն շրջապատող աշխարհի կարգը» խորագիրով ելոյթ մը պիտի ունենայ:
Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին կապակցութեամբ, անոր բարեկամները քայլարշաւ մը կազմակերպած են՝ նախորդ տարիներուն նման: Երթը պիտի սկսի Յունուար 19ին, տեղական ժամով ժամը 13:30ին՝ Շիշլիէն, ու պիտի շարունակուի մինչեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատուն, այն վայրը, ուր սպաննուած էր Հրանդ Տինք:
Տինքի յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով յատուկ հաւաքներ կազմակերպելու մասին յայտարարութիւն կատարած է նաեւ «Ո՛չ ըսէ ցեղամոլութեան եւ ազգայնականութեան» կազմակերպութիւնը՝ միաժամանակ դատապարտելով այն իրողութիւնը, որ ցարդ ոճիրին իսկական յանցագործները ոչ միայն չեն յայտնաբերուած, այլ նոյնիսկ նոր պաշտօններով վարձատրուած են: