ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կուսակցութեան Գերագոյն ժողովը Գերագոյն մարմինը լիազօրած է հետեւելու ընտրարշաւին եւ յայտարարութեամբ հանդէս գալու:
Նախորդ տարեվերջին Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովը որոշեց յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չառաջադրել՝ բացառելով նաեւ իշխանութեան թեկնածուին աջակցիլը:
«Սա ոչ թէ մրցակցութիւնից խուսափել է, այլ՝ անհաւասար պայքարի մէջ անիմաստ չմտնել: Եւ դա պատահական չէ, որ կատարում են գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերը, որոնք շատ աւելի ձայներ ունեն, քան թէ այսօր ներկայացուած թեկնածուները բոլորը միասին վերցուած», յայտնեց Ռուստամեան:
Թղթակիցը դիտել տուաւ. «Կարծիք կայ, որ Դաշնակցութիւնը, Հայ Ազգային Կոնգրեսն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»ը ուղղակի ռէալ գնահատեցին իրենց ուժերը՝ փոքր ընտրազանգուածը, դրա համար թեկնածու չառաջադրեցին: Նման տեսակէտ, մասնաւորապէս, արտայայտել էր նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանը»:
Ռուստամեանը դէմ է այս մօտեցումին, որովհետեւ անոնք, իր խօսքով, «պրիմիտիւ բացատրութիւններ են»:
«Թող գնան շախմատ խաղան մէկի հետ, որ դու մէկ քայլ պիտի կատարես, ինքը՝ երեք քայլ: Ուզում է աշխարհի չեմպիոն լինես՝ չես կարող յաղթել այդ պայմաններում, եւ սա իրականութիւնն է հայաստանեան ընտրութիւնների», յայտնեց դաշնակցական գործիչը՝ աւելցնելով. «Չբողոքելով՝ վերջում չպիտի նաեւ դժգոհէք ստացած արդիւնքներից: Այսինքն՝ պէտք է խիզախութիւն ունենաք վեր կենաք ասէք, որ յաղթել է ու յաղթողին շնորհաւորէք: Կ՛անե՞ն դա՝ կ՛երեւայ Փետրուարի 19ին: Այնպէս որ այս բոլոր խօսակցութիւնները շատ արագ կը փոխեն իրենց բնոյթը, երբ որ փաստի առաջ կը կանգնեն բոլորը»:
Արմէն Ռուստամեանը յոյս յայտնեց, որ հակառակ անոր որ իրենք, Հայ Ազգային Կոնգրեսը, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը որոշեցին թեկնածուներ չառաջադրել այս ընտրութիւններուն, բայց եւ այնպէս քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:
«Եթէ մի օր մենք ուզում ենք իսկապէս ընտրութիւնների միջոցով իշխանութիւնը փոխել, դրա միակ տարբերակը՝ համախմբուած միասնական պլատֆորմով» նշեց ան:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն միասնական վերահսկողական ղեկավարման մարմինը, որ ձեւաւորուած էր Հայ Ազգային Կոնգրէսի, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ու Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներէն յայտարարեց, որ ընտրակաշառքի բաժանումը աննախընթաց տարողութիւն ունեցաւ։
Այս ընտրութիւններուն ընտրակաշառքին չափերը կը նուազին, համոզուած է Արմէն Ռուստամեան: «Մրցապայքարն այդ թէժութիւնը չունի, իմաստ էլ չունի: Ընտրակաշառք կամ նման ֆինանսական միջոցների ծախսում կը լինի այնքան, որքան անհրաժեշտ է յաղթանակը լիարժէք ապահովելու եւ երաշխաւորելու համար: Ի հարկէ՝ կը լինեն: Ոչ մէկին, եթէ թողնես, իր ոտքով ընտրութիւնների չի գայ՝ այսօր Հայաստանում այնքան հիասթափուածութիւն կայ ընտրութիւններից»:
Ըստ անոր, միջազգային դիտորդները չեն կրնար տեսնել հայաստանեան ընտրութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցող ընտրական խախտումները, որովհետեւ անոնք ընտրատեղամասերուն մէջ չեն կատարուիր։ Բայց եւ այնպէս Ռուստամեան կ՛ակնկալէ, որ դրական գործընթացներ արձանագրուին յառաջիկային։
«Նախկին Ազգային ժողովի ընտրութիւնները համարուեցին ամենաառաջադէմը, ամենաորակեալը, սա կը համարուի նախկին անցած նախագահական ընտրութիւններից ամենալաւը, ամենաորակեալը: Այդտեղ մի դրական բան կայ՝ այսպիսի ընտրութեամբ արձանագրուած յաղթանակը բոլորովին պարտադիր չէ, որ համարուի նաեւ միւս օլիգարխների կամ խմբաւորումների ձեռքբերումը, եւ նրանց առաջ այդ պարտաւորութիւնները կարող է նախագահը չունենալ: Սա մի քիչ ազատ կը դարձնի իր գործունէութիւնը եւ դա կարող է նպաստել, որ այս վերջին ժամկէտը աշխատի պատմութեան համար», դիտել տուաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.