ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւնները «խաղաղութեան հոլովոյթ» նկատելով՝ խոստացաւ բանակցութիւնները շարունակել՝ հակառակ «գրգռութեան փորձերուն» եւ ընդդիմադիր Ազգային շարժում կուսակցութեան ցուցաբերած ընդդիմութեան: «Զգոյշ ենք, սակայն տակաւին յուսալից ենք», ըսաւ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին:
Անդրադառնալով Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան կապակցութեամբ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ մէջտեղ նետուած այն պնդումներուն, թէ «ընդյատակեայ պետութիւնը» մեղսակից է՝ Էրտողան ըսաւ, որ այդ ամբաստանութիւնները «անպատասխանատու» են:
Միւս կողմէ, կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահին ու քիւրտ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումները քննադատելու Էրտողանի քայլը անհեթեթ է, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը արդէն քրտական կուսակցութեան հետ բանակցութիւններ կը վարէ:
Էրտողան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն բացատրութիւն պահանջած էր, ««Ինթըրփոլ»ի կողմէ փնտռուող ահաբեկիչներու հետ» հանդիպումներուն համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.