ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»ը՝ այսօրուան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին ծնունդը տեղի ունեցած է 1890ին, իբրեւ լիակատար մարմնաւորում ու բիւրեղացում՝

հայկական յեղափոխական շարժումը սկզբնաւորողներուն ու կերտողներուն։
Պատմութիւնը ճիշդ կ՛ըսէ։
Սակայն ճիշդ է նաեւ այն, որ Դաշնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ կար նա՛եւ 1890էն առաջ, ինչպէս որ անիկա ներկայութիւն է այսօր, ներկայութիւն պիտի ըլլայ մի՛շտ, այնքան ատեն, որ կայ ու կը մնայ Հայ ժողովուրդը։
Եթէ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»ը 1890ին մէկտեղեց ու մարմնաւորեց Հայկական Յեղափոխութեան բոլոր կերտիչները, այդ արարքին ներշնչումն ու խորքը կու գար մեր ամբողջ պատմութենէն։ Դաշնակցութիւնը եղաւ ու կը մնայ մարմնաւորումը բոլոր այն արժէքներուն ու ձգտումներուն, որոնք հայունն են եղած ու կը մնան մեր ողջ պատմութեան ընթացքին։
Որովհետեւ…
Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ եւ կը գոյատեւէ պատմութեան ու աշխարհագրութեան բեմին վրայ հայութեան ու Հայաստանին պահպանման նպատակով։ Այս իմաստով, Դաշնակցութիւնը վերականգնողն ու շարունակողն է Արտաշիսեաններուն ու զանոնք կանխողներուն, Արշակունիներուն, Բագրատունիներուն ու Ռուբինեաններուն ժառանգութեանց, ապա նաեւ՝ Խաչատուր Աբովեանի Աղասիներու սխրանքին, Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամին ու բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին, որ հայութիւնը ունի կամքն ու հզօրանքը ապրելու եւ գոյատեւելու իբրեւ ինքնուրոյն ազգ եւ պետութիւն, հաւատամք՝ որ նիւթականացաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հիմնադրութեամբ, Արցախեան Շարժումով, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումով ու մեր պատմութեան վերջին աւելի քան 20 տարիներու էջերուն արձանագրումով,
…Դաշնակցութիւնը մարմնաւորումն ու ջահակիրը եղաւ Հայուն ու անոր հայրենիքին իրաւունքներուն՝ մարդկային, ազգային, հողային ու մշակութային բոլո՛ր իրաւունքներուն,
…Դաշնակցութիւնը եղաւ ու կը մնայ այն կազմակերպութիւնը, որ ՀԱՅ ԴԱՏ հասկացութեան տուաւ բազմակողմանի ու լիարժէք բովանդակութիւն։ Դաշնակցութիւնը, անցեալին թէ այսօր, եկաւ բիւրեղացնելու այն ուսուցմունքը, քաղաքական հաւատամքը, թէ հայ ժողովուրդին Դատը լիագումարն է, ինչպէս ոեւէ ժողովուրդի պարագային՝ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն ու ձգտումներուն։ Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ վերահաստատենք, որ մենք, մեր դարաւոր կեանքին ընթացքին, նա՛եւ այսօր, մի՛շտ հետամուտ եղած ենք մեր ինքնուրոյնութեան պահպանման ու պաշտպանութեան, մեր ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներուն կենսագործման։ Ու մեր ժողովուրդը, մասնաւորաբար օտար բռնատիրութեանց, սակայն նաեւ ի՛ր իսկ կեանքէն ծնած բռնատէրներու եւ հարստահարիչներու դէմ պայքարի պատմութիւն կերտած է ու ճգնած՝ ինքն իրեն համար, նա՛եւ պատմութեան բեմին վրայ ներկայանալու ճակատաբաց, խիզախօրէն, ամէնէն ծանր սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու կամքով։ Հայը այդ ձգտումին մէջ յաջողած է։ Մեր պատմութիւնը այս իմաստով եղած է Դաշնակցութեան ուսուցիչը, իսկ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ ուշիմ ու հաւատաւոր աշակերտ, իր ստացած դասերը լիարժէքօրէն ու բոլորանուէր կերպով վերադարձուցած է հայութեան ու մատուցած է Հայաստանի զոհասեղանին։
Կրնանք անվարան հաստատել, թէ իւրաքանչիւր իրա՛ւ հայու հոգիին մէջ դաշնակցական մը եղած է ու կայ։ Այս հաստատումը չենք կատարեր դաշնակցական-կուսակցականի «նեղ» մօտեցումով, այլ մեր ժողովուրդին ու ազգային գերագոյն շահերուն առաջատար պաշտպանն ու հետապնդողը ըլլալու Դաշնակցութեան նկարագիրին ճանաչողութեամբ։ Իրա՛ւ հայը պէտք չունի ՀՅԴի անդամակցելու, «կուսակցական» որակումը ստանալու, եթէ իր էութեան մէջ կը կրէ հայութեան ու Հայաստանին գոյատեւման եւ նուաճումներուն մասնակից-զինուորագրեալը ըլլալու զգացումը, կամքն ու պայքարի ոգին։ Եւ ճիշտ ա՛յս մօտեցումով է որ պէտք է որոնել ու գտնել իւրաքանչիւր իրա՛ւ հայ, անցեալին թէ այսօր, նաեւ ապագային, իրա՛ւ հայը՝ որ չի հրաժարիր իր ազգային ժառանգութենէն, իրաւուքներէն ու հայրենիքէն, որքա՛ն ալ ծանր ըլլան պատմական դաժան հանգրուաններուն ստեղծած սպառնալիքները, պատուհասներն ու մարտահրաւէրները։ Հայուն ու անոր հայրենիքին գոյատեւման, պահպանման ու բարելաւման ձգտումներն են որ կը նիւթականանան դաշնակցականին մէջ, իւրաքանչիւր իրա՛ւ հայու մէջ, հոգ չէ թէ ան պատկանի, անուանապէս, այս կամ այն կուսակցութեան, խմբաւորումին կամ «հոսանքին»։
Դաշնակցութիւնը սոսկական կուսակցութիւն չէ. Դաշնակցութիւնը, այսօրուան պարտադրեալ չափանիշներու պրիսմակէն դիտուած՝ սովորական կուսակցութիւն չէ. անցեալին ալ չէ եղած, վաղն ալ պիտի չըլլայ։ Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ ետք՝ Հայկականութեան Ոգի է, անոր հիմնադիրներն ու անդամները եղած են ու կոչուած են ըլլալու այդ ոգիին մարմնաւորումը, որովհետեւ առանց այդ ոգիին, Հայն ու Հայաստանը ենթակայ եղած են ու պիտի մնան ճակատագիր վճռող սպառնալիքներու։
Այս իմաստով ալ, Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականը, իբրեւ մարդ ու մարդկային՝ սխալական ըլլալով հանդերձ, իրենք իրենց կ՛արտօնեն նուազագոյն սխալները գործելու «պերճանքը»։
Եւ ճիշդ հո՛ս է որ պէտք է փնտռել եւ տեսնել Դաշնակցութեան վայելած ժողովրդականութեան՝ անոր հանդէպ մեր ժողովուրդին սիրոյն ու վստահութեան աղբիւրը, սպասումներուն տարածքը։
Եւ ճիշդ այս պատճառո՛վ է որ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին ընկերակիցն ու ասպարը, այնքան ատեն, որ կ՛ապրին Հայն ու Հայաստանը։