
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Երկշաբաթեայ դադարէ ետք ՀԱԿի գործիչներ 18 Յունուարին կրկին գլխաւոր դատախազութեան շէնքի մօտ համախմբուած էին:
Աւանդական դարձած ուրբաթօրեայ բողոքի ցոյցով ՀԱԿն ու անոր համակիրները կը պահանջեն ազատ արձակել 4 գործիչները, որոնք 2-6 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացած են:
Ներկայիս անոնց թղթածրարը կը գտնուի Վճռաբեկ դատարանը եւ մինչեւ 27 Յունուար վերջնական որոշում պիտի տրուի անոնց առնչութեամբ։
Ցուցարարներուն համաձայն, Վճռաբեկ դատարանը կրնայ հանգիստ կերպով արդարացնել երիտասարդները, խանգարող խոչընդոտներ չկան:
«Կոնգրեսը չի մասնակցում ընտրութիւններին, արդէն տղաները իրենց խանգարող չեն», յայտնած է ցուցարար Լեռնիկ Մաղաքեանը: