
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգային արխիւներուն մէջ աշխատանք կը տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու տուեալներու յատուկ շտեմարան ստեղծելու ուղղութեամբ: 22 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ազգային ար-խիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտնած է, որ պիտի փորձեն Ցեղասպանութեան ենթարկուածներու տուեալներու շտեմարան ստեղծել, ճշդել անունը, ծննդեան թուականը, վայրը, լուսանկարը, նաեւ՝ զայն սպանողը: «Բացի մարդկային կորստից, մենք ունեցել ենք նաեւ մեծաքանակ մշակութային զոհեր եւ թուրքական զօրքերը հսկայական նիւթական վնաս են հասցրել, որը եւս պէտք է ներկայացուի միջազգային հանրութեանը», դիտել տուած է Վիրաբեան:
Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է արխիւը զինել ժամանակակից արհեստագիտութեամբ, ստեղծել ներքին գործակցական ցանց, որպէս օրինակ, Երեւանի մէջ բնակողը, որ ժամանակին եղած է Մեղրիի բնակիչ, կարենայ տեղեկութիւն ստանալ ելեկտրոնային տարբերակով: «Կարեւոր է նաեւ այն, որ այսօր թղթի վրայ ստեղծուող փաստաթղթերը քչանում են, օրինակ Էստոնիայում ամենաբարձր էլեկտրոնային կառավարման համակարգն է, եւ մենքպէտք է ձգտենք հասնել դրան», յայտնած է Վիրաբեան:
Նախորդ տարի տարբեր խնդրանքներով ազգային արխիւ դիմած է 25 հազար 800 քաղաքացի, որոնցմէ 23 հազարին դրական պատասխան տրուած է: Դիմողներուն թիւը 1800ով աւելի է նախորդ տարուընէ: Ներկայ դրութեամբ արխիւին մէջ կայ 800 ամսագիր, ժամանակագրութիւն, որոնց 750ը արդէն թուայնացուած է: Կայ նաեւ 1000 վաւերագրական ժապաւէն, 300ը՝ թուայնացուած, 600 խաղարկային ժապաւէն, որոնք եւս թուայնացուած են: Արխիւին մէջ պահուած է նաեւ 1000 հոլովակ, որոնք նկարահանուած են, բայց ժապաւէնի չեն վերածուած, սակայն, Վիրաբեանի համաձայն, արժէքաւոր են: Արխիւային փաստաթուղթերէն՝ թուղթէ կրիչով երկու հարիւր քսան հազար թերթ թուայանցուած է:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում: Վերապրածների վկայութիւններ» փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուն. Վիրաբեանի համաձայն, շուտով պիտի հրատարակուի նաեւ երկու հատոր, մէկը նուիրուած Կիլիկիոյ, իսկ միւսը՝ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ քաղաքներուն՝ Մուշին, Կարինին, Խարբերդին:
Այս հատորներուն մէջ ներկայացուած են Հայոց Մեծ Եղեռնը վերապրածներուն վկայութիւնները, ուր անժխտելի փաստերու հիման վրայ բացայայտուած են թրքական իշխանութիւններուն կողմէ 1915ի հայ բնակչութեան ոչնչացման ծրագիրները եւ գործողութիւնները: