Հայաստանի նախագահական 8 թեկնածուներէն 4ը ներկայացուցած են իրենց ունեցուածքին վերաբերող յայտարարագիր: Յայտարարագիրներ չեն ներկայացուցած Պարոյր Հայրիկեանը, Արամ Յարութիւնեանը, Անդրիաս Ղուկասեանը եւ Արման Մելիքեանը:
Անոնց ամէնէն հարուստը գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանն է: Ըստ անոր գոյքի ու եկամուտներու յայտարարագիրին, ան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ ունի 96 քմ մակերեսով շէնք- շինութիւն, ինչպէս նաեւ 1992ի արտադրութեան «Միցսուպիշի Մոնթերօ» մակնիշի ինքնաշարժ։
Սերժ Սարգսեան ունի 18-20րդ դարու հին իրեր՝ արձանիկներ, քանդակներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ Խանջեանի, Սարեանի, Յակոբեանի, Գիւրջեանի, Բաշինջաղեանի, Մինասի, Երուանդ Քոչարի, Կոջոյեանի, Աղեղեանի հեղինակած կտաւներու հաւաքածոյ: Սերժ Սարգսեան ունի նաեւ 20րդ դարու ժամանակակից նկարիչներու 32 կտաւ:
Գալով եկամուտներուն, Սերժ Սարգսեան 3 միլիոն 899 դրամի աշխատավարձ ստացած է նախագահի աշխատակազմէն, ինչպէս նաեւ 2 միլիոն 596 հազար դրամի աշխատավարձին հաւասար յաւելումներ:
Նախագահական թեկնածուն Հայաստանի դրամատուներէն մէկուն մէջ ունի աւանդ, որմէ ստացած տոկոսագումարը մօտ 10 միլիոն 925 հազար դրամ է: Ինչ կը վերաբերի դրամական միջոցներուն, Սերժ Սարգսեան 16 Յունուարի դրութեամբ ունեցած է 108 միլիոն 400 հազար դրամ:
Նշենք, որ 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին եւս Սերժ Սարգսեան յայտարարագիր ներկայացուցած էր, ըստ որուն, նախորդ մէկ տարուան ընթացքին ստացած էր 3 միլիոն 896 հազար 800 դրամ աշխատավարձ, 2 միլիոն 45 հազար 89 դրամ ալ, աշխատավարձին յաւելեալ վճարում: Հայաստանի նախագահը նաեւ տրուած փոխառութիւններ ունէր, անոնց տոկոսները կազմած են 8 միլիոն 740 հազար դրամ:
2012 Մարտ 1ի դրութեամբ Սերժ Սարգսեանի դրամական հաշուին մէջ եղած է 105 միլիոն 600 հազար դրամ:
Ըստ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գոյքի ու եկամուտներու յայտարարագիրին, ան ունի երկու անշարժ գոյք եւ մէկ ինքնաշարժ՝ «Վազ 311000» մակնիշի: Յունուար 17ի դրութեամբ ան ունի 402 հազար դրամ եւ 51 հազար տոլար:
Հրանտ Բագրատեան յայտարարագրած է 2 բնակարան, մէկ կառատուն եւ մէկ առանձնատուն Երեւան քաղաքի մէջ: Հրանտ Բագրատեան ունի «Նիսսան X-trail» մակնիշի 2003ի արտադրութեան ինքնաշարժ: Իբրեւ եկամուտ, Հրանտ Բագրատեան Ազգային ժողովէն ստացած է 2 միլիոն 180 հազար 980 դրամի աշխատավարձ, հայ-ռուսական համալսարանէն՝ մօտ 1 միլիոն 74 հազար դրամ, Ուքրանիոյ Ազգային դրամատան դրամատնային գործի համալսարանէն՝ մօտ 91 հազար ուքրանական հրիւնայ, ֆրանսական «Pernod-Ricard» ընկերութենէն ստացած է 9400 եւրոյի շահաբաժին, իսկ 7 միլիոն 342 հազար դրամի եկամուտ ալ ստացած է վարձակալական վճարումներէն:
Նշենք, որ «Pernod-Ricard» ընկերութեան մէջ նախագահական թեկնածուին բաժնետոմսը կը կազմէ 0.0003 տոկոս: Յունուար 14ի դրութեամբ Հրանտ Բագրատեան ունի 65 հազար տոլար:
Թեկնածուներէն դիւցազնագէտ Վարդան Մինասեան յայտարարագրած է Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող 4 հողամաս եւ մէկ գոմ, Երեւանի մէջ գտնուող 132 քմ մակերեսով բնակարան եւ 252,4 քմ մակերեսով բնակելի տուն:
Վարդան Մինասեան ունի 2011ի «Միցսուպիշի աութլենտըր 3.0» մակնիշի ինքնաշարժ: Ան ոչ եկամուտ ունի, ոչ արժեթուղթեր, ոչ ալ թանկարժէք իրեր, սակայն 16 Յունուարին անոր հաշիւին մէջ եղած է 9 միլիոն 900 հազար դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.