Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, ՀՅԴ:
Հայ ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքներու այս պաշտպանը՝ այս օրերուն, հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ համայն աշխարհի տարբեր գօտիներ, հպարտօրէն կը տօնախմբէ իր ծննդեան 122ամեակը:
Ազգային այս կազմակերպութիւնը իր ծնունդի օրէն իսկ տենչաց նաեւ դառնալ իր ազգին յառաջապահը եւ անոր ուժին եւ լոյսին ջահակիրը:
Վերագնահատում մը չէ այս մէկը, այլեւ ինքնագիտակցութեան յստակ պատկեր մը:
ՀՅԴ
Սա մեծ ու երիտասարդ կաղնին, որ նաեւ հայութեան կենդանութեան չափանիշն ալ է, ոչ միայն դարձաւ հայ ազատագրական պայքարի առաջաւոր դիրքերուն գլխաւոր դերակատարը, այլեւ եղաւ իր ցեղին արտայայտիչն ու պաշտպանը: Ան գծեց իր ժողովուրդին նոր դիմագիծը եւ հայրենիքի ու ազատութեան սիրոյն ինքնզինք ողջակիզեց:
Եւ տակաւին.
Տասնամեակներ շարունակ, ՀՅԴն իր վեհութեամբ, յարատեւութեան գաղտնիք մըն ալ ապահոված է, որ թաքնուած է իր զոհաբերումի պատրաստակամութեան մէջ, նպատակը առաքելութեան վերածելու իր խորհուրդով:
Տարիներ շարունակ իր գործով ու խօսքով ան արթնցուց հայ ժողովուրդի զաւակներուն մտքին մէջ մթագնած քաղաքական գիտակցութիւնը ու զայն դարձուց նոր նկարագիր եւ ուղի՝ իրաւ ու ճշմարիտ իտէալ:
ՀՅԴ:
Ազգային հպարտութիւնը վառ պահելով իր կուրծքին տակ, իր իսկ արմատներուն մէջ, իր ճիւղաւորումներու ընթացքին, տարուէ տարի հայ նորագոյն սերունդներուն միշտ փոխանցեց իր միակ եւ գերագոյն նպատակը՝ հայութիւնը, իր մէկ ու ազնուագոյն կրօնը՝ ազատութիւնը եւ իր միակ եւ գեղեցկագոյն սրբութիւնը՝ հայրենիքը:
Ինքն էր ,որ գիրքը միացուց զէնքին, գիրը՝ բահին եւ հաւատաւոր ու խանդավառ՝ զանոնք իրար կապելով դարձուց անքակտելի երրորդութիւն մը իր հիմնադիրներուն նման:
Դաշոյնի, բահի եւ գրիչի ծառայող իր հին ու նոր հերոսները իրենց մեծ ու փոքր սխրագործութիւններով յանուն գերագոյնին՝ գրեցին եւ տակաւին, պատի՛ւ իրեն, դարձեալ կը գրեն մեր ազգային պատմութիւնը:
Հերոսներ ըսի: Ո՞վ անոնց ծանօթ չէ: Ըսէ՛ք:
Բոլոր այն խոնարհները, որոնք մեր ցեղին յոյսը հաւաքած իրենց բռունցքներուն, հարուածներուն եւ կանչերուն մէջ, կաղապարեցին գաղափարի ու ազատութեան ռումբը ու իրենց ծնունդ տուած ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն համար մահը դարձուցին գրաւիչ հեռանկար:
Ու այսօր 122 տարեկան է այս կաղնին ու հաստատօրէն կը մնայ կանգուն, ճակատաբաց, արթուն պահակ եւ իբրեւ քաջարի ռազմիկ եւ գիտակից հետապնդողը իր մեծ դատին:
Ու պատմութիւնը վկայ, որ իր գործերը անխորտակելի խարիսխ են իր գոյութեան եւ երաշխիքը ապագային: Ազատ ազգերու մէջ բացառիկ երեւոյթ է այս մէկը:
Եւ եթէ մեր կեանքը յանուն կտոր մը հացի վազք եւ պայքար էր, իր շունչով ու ներկայութեամբ՝ դարձաւ նաեւ անմար իտէալ:
Անոր համար մենք սիրեցինք այս կաղնին ու տակաւին պիտի շարունակենք սիրել:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՀՅԴ «ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ