ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս թրքական կառավարութիւնը ձեռնարկած է յարձակողական արշաւի մը՝ ճնշում բանեցնելով եւրոպական եւ ամերիկեան բազմաթիւ թանգարաններու վրայ, որպէսզի անոնք իրեն վերադարձնեն Օսմանեան ժամանակաշրջանին երկրէն դուրս հանուած հնութիւնները:
Թէեւ հասկնալի է, որ երկիրները կը փափաքին վերականգնել իրենց ժառանգութեան մաս կազմող հնագոյն մասունքները, սակայն Թուրքիոյ պարագային առկայ են որոշ շեղումներ, որոնք արժանի են յատուկ ուշադրութեան:
Եթէ այս թանկարժէք հնութիւնները Թուրքիայէն դուրս բերուած ըլլային վերջին ժամանակներուն եւ՝ առանց համապատասխան թոյլտուութեան, հաւանաբար կարելի ըլլար պնդել, որ թրքական կառավարութիւնը իրաւունք ունէր տէր կանգնելու անոնց, եթէ նոյնիսկ անոնք կը պատկանին հնագոյն քաղաքակրթութիւններուն, որոնք նախորդած են օսմանեան թուրքերու կողմէ աշխարհի այս տարածքի նուաճման:
Հեգնական է, որ այս հնութիւնները պահանջող երկիրը պատմութեան մեծագոյն կողոպտիչներէն ու գողերէն մէկն է, որ թալանած է այլ ազգերու մշակութային ժառանգութիւնը՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու պատկանող եկեղեցիներն ու վանքերը, յուշարձաններն ու դպրոցները: Մէկը պէտք է մաքուր ձեռքեր ունենայ, որպէսզի կարենայ ուրիշները գողութեամբ մեղադրելու յանդգնութիւն ունենալ:
Ամէնէն ցնցիչը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը դատ պիտի բանայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ՝ ընդդէմ Բրիտանական թանգարանին՝ հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտ-պանութեան մասին եւրոպական համաձայնագիրի առաջին արձանագրութեան առաջին յօդուածը, ուր ամրագրուած է հետեւեալը. «Իւրաքանչիւր օրինաւոր կամ իրաւաբանական անձ ունի իր գոյքէն անարգել օգտուելու իրաւունք»:
Համաձայն «Ինթըրնեշընըլ Պիզնիս Թայմզ» թերթին մէջ հրապարակուած Չէյլան Եկինuուի յօդուածին, մարդու իրաւունքներու օրէնքներու օգտագործումը՝ հնութիւններ վերադարձնելու նպատակով, նոր հայեցակարգ է, որ երբեք չէ օգտագործուած այլ երկրի մը կողմէ: Անհաւատալի է, որ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու մեծագոյն խախտողներէն մէկը կ՛ուզէ դատի տալ Բրիտանական թանգարանին դէմ՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներու իրաւունքները բռնաբարելուն համար:
Թուրքիա 30 Յունուարին այս հայցով պիտի դիմէ դատարան՝ «աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը»՝ Հալիգարնասի դամբարանը ետ պահանջելու համար: Սակայն Բրիտանական թանգարանը կը պնդէ, որ ինք ապօրինի կերպով չէ իւրացուցած այդ հնագոյն մասունքը: Թանգարանին մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Օլիվիա Ռիքմեն «Ինթըրնեշընըլ Պիզնիս Թայմզ»ին յայտնած է, որ թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ Հալիգարնասի դամբարանի քանդակները ձեռք բերուած են 1846, 1857 եւ 1859 թուականներուն: Ռիքմեն աւելցուցած է, որ՝ «այս նմուշները ձեռք բերուած են բրիտանական երկու նախաձեռնութիւններու ընթացքին, երկուքն ալ՝ «ֆերմաններով» (օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ տր-ուած իրաւական թոյլատուութիւններ), որոնք արտօնութիւն տուած են պեղումներ կատարելու եւ գտածոյ իրերն (1857 եւ 1859 թթ.) ու Պոտրումի ամրոցը (1846 թ.) տեղափոխելու Բրիտանական թանգարան»:
«Ինթըրնեշընըլ Պիզնիս Թայմզ» կը մէջբերէ Անգլիոյ Ուորուիք համալսարանի մշակութային ժառանգութեան իրաւունքի մասնագէտ Շարլոթ Վուտհետի խօսքերը՝ նշելով, որ ան իրազեկ չէ եղած, որ երբեւիցէ մարդու իրաւունքներու մասին օրէնսդրութիւն կիրարկուած ըլլայ նման առարկաներ վերադարձնելու նպատակով: «Եթէ դատը ներկայացուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ ինչի՛ հիման վրայ պիտի վիճարկուի ան, նաեւ՝ ինչպիսիարդիւնք պիտի ունենայ», նշած է Վուտհետ:
Թուրքիան նաեւ օգտագործած է արուեստի գործերու արտածումը արգիլող օսմանեան օրէնք մը, որպէսզի սեփականութեան իրաւունքով ետ պահանջէ արուեստի հնագոյն գործերը աշխարհի մեծագոյն թանգարաններէն, ինչպէս՝ Փարիզի Լուվրը, Լոս Անճելըսի Կեթին, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանը, Քլիվլենտի արուեստի թանգարանը եւ Հարվըրտի Տումպարթեն Օուքսը: Եթէ Թուրքիան կրնայ պահանջել օսմանեան դարաշրջանի ունեցուածքը, ուստի ան պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ նաեւ օսմանեան դարաշրջանի պարտաւորութիւններուն համար, ինչպէս՝ թալանը, տարածքային բռնագրաւումը եւ ցեղասպանութիւնը:
Նման վիճելի դատական հայցեր ներկայացնելով՝ Թուրքիան իրականութեան մէջ նպատակ ունի վախցնել օտար թանգարանները՝ պահանջուող արուեստի գործերը վերադարձնելու համար: Եթէ թանգարանները չենթարկուին թրքական ճնշումներուն եւ մերժեն այդ ցուցանմոյշները վերադարձնել, հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ արդեօք թրքական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ՞ իր սպառնալից դատը: Թուրքիոյ համար մեծ վտանգ կը ներկայացնէ այն, որ դատարաններ մերժեն անոր պահանջները, որեւէ թանգարան երբեք չհամաձայնի վերադարձնել պահանջուող հնութիւններէն որեւէ մէկը:
Այնուամենայնիւ, եթէ օտար թանգարան մը փափաքի որեւէ հնագոյն մասունք վերադարձնել Թուրքիոյ, պէտք է պայման դնէ թրքական կառավարութեան՝ պաշտօնապէս բացայայտելու այդ առարկաներու իսկական ծագումը, օրինակ՝ խեթական, հռոմէական, յունական, հայկական կամ ասորական: Փաստ է, որ Թուրքիան վերցուցած է հայկական հնագոյն եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու ծագումը վկայող բոլոր յիշատակումները անոնց մուտքին վրայ ամրացուած արձանագրութիւններէն:
Աշխարհի մեծագոյն թանգարաններէն հնութիւնները վերադարձնելու թրքական ջանքերը եզակի կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հայերուն՝ հրապարակելու Թուրքիոյ կողմէ հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու, գերեզմանատուներու եւ ամրոցներու չարաշահման եւ բացայայտ ոչնչացման մասին:
Հայերը պէտք է դիմեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ առարկելով արուեստի որեւէ գործ Թուրքիոյ վերադարձնելու դէմ, մինչեւ որ թրքական կառավարութիւնը օրէնսդրօրէն չպարտաւորուի պահպանելու եւ բացայայտելու անոր տարածքին գտնուող հայկական յուշարձաններու մնացորդներուն ծագումը: Յաջորդ քայլով պէտք է պահանջել, որ Թուրքիան Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վերադարձնէ աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցիները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը