ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Դաշնակցականի կերպարը բնութագրելու խնդիր չունինք: Նման որեւէ փորձ անհեթեթ է: Դաշնակցականը ժողովուրդի ծոցէն ծնած հայն է, սովորական մարդը, որ ունի իր սեփական դիմագիծը, իր անհատականութիւնը: Կուսակցական պատկանելութիւնը ինքնին վառ գիծերով չի կրնար զարդարել Դաշնակցականը, երկնային կամ երկրային շնորհներով չի կրնար պսակել անոր ճակատը:
122 տարուան իր պատմութեան ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հերոսական խիզախումները կերտած բազմաթիւ նուիրեալներու կողքին, վստահաբար եղած են բազում ուրիշներ, որոնք աւելի շատ առած են կուսակցութենէն, քան՝ տուած անոր: Եղած են նաեւ բազմաթիւ անպիտաններ, որոնք կուսակցութեան վարկին վնաս հասցուցած են՝ պարզապէս իրենց պատկանելութիւնը իբրեւ դրօշակ օգտագործելով անվայել, յաճախ նոյնիսկ գցուց գործեր կատարելու ընթացքին: Այս տեսակի մարդիկ ինչպէ՞ս կը յաջողին մտնել կուսակցութեան շարքերը: Կանոնագրային որոշ նախապայմաններ պէտք է դժուարացնեն նմաններու մուտքը Դաշնակցութիւն, սակայն այդ պայմանները ենթակայական բազմաթիւ գործօններէ կրնան ազդուիլ՝ ճամբայ բանալով պատեհապաշտներու:
Կ՛արձանագրենք այս տխուր փաստերը պարզապէս զգուշացնելու համար, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբե՛ք կարելի չէ գնահատել՝ շարքայինի մը վարքն ու բարքը գործածելով իբրեւ հիմք: Դաշնակցութեան արժէքային համակարգը, որ կառուցուած է հազարաւոր նահատակներու, գործիչներու, համեստ, նուիրեալ, մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած շարքայիններու վաստակով, կրնայ ի՛նք չափանիշներ տրամադրել՝ գնահատելու համար այս կամ այն կուսակցականի մարդկային կամ ազգային վարքագիծը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ հաւաքական կերպար, կը մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներու ամէնէն ազնիւ ու վեհ յատկանիշներու կրողը:
Յուսամ այս աղաղակող տողերը արձագանք կը գտնեն ու կը հասնին ճիշդ հասցէներուն: