ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի ծայրամասին մէջ հայ մը առեւանգուած է։ Այս տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է Դամասկոսի մէջ բնակող Նազարէթ Էլմաճեանը՝ աւելցնելով, որ դէպքը տեղի ունեցած է 23 Յունուարին: Անոր համաձայն, առեւանգուածը դամասկոսահայ Նազարէթ Չարքեանն է: Ան իր աշխատավայրէն առեւանգուած է զինուած անձերու կողմէ, եւ ազատ արձակելու համար կը պահանջուի 50 միլիոն սուրիական ոսկի՝ մօտաւորապէս 500 հազար տոլար:
Մայրաքաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին անդրադառնալով՝ Էլմաճեան նշած է, որ Դամասկոսի ծայրամասերը, մասնաւորաբար Ղուտայի շրջանին մէջ բախումները կը շարունակուին, իսկ մայրաքաղաքին մէջ իրավիճակը աւելի հանդարտ է, շուկաները մարդաշատ են:
Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, զինուած ուժերը Դամասկոսի մօտակայքը գտնուող Տարիա, Հարասթա ու Տումա գիւղերուն մէջ լուրջ վնասներ հասցուցած են զինեալներուն եւ ոչնչացուցած են անոնց զէնքերը: Կառավարական ուժերը Զամալքայէն Աարապին տանող ճամբուն անվտանգութիւնը ապահոված են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.