ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ աշխարհի հայկական համայնքները կը զբաղին բազմաթիւ ծրագիրներ մշակելով՝ 2015 թուականի Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առնչութեամբ:
Գաղտնիք չէ նաեւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ անոր գործակալները յայտարարուած հայկական բոլոր ծրագիրներուն ուշադրութեամբ կը հետեւին, որպէսզի Անգարա կարենայ հակաքայլերու ձեռնարկել ընդդէմ ակնկալուող հայկական «ցունամիին»:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցէն երկու տարի առաջ իրենց ծրագիրները հրապարակելով՝ հայերը թուրք ժխտողականներուն կը հայթայթեն արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ բաւարար ժամանակ՝ որոշելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս խափանել հայկական ոգեկոչման ձեռնարկները:
Հայերը պէտք է հասկնան, որ իրարու յաջորդող թրքական կառավարութիւնները ունեցած են Ցեղասպանութեան ժխտման երկարատեւ պատմութիւն: Ըստ էութեան, Ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը եւ անոր քողարկումը գրեթէ մէկ դար առաջ միաժամանակ մշակուած էին երիտթուրքերու վարչակարգին կողմէ: Բացի ատկէ, Թուրքիան, իբրեւ հզօր պետութիւն, կը ձգտի եւ պատրաստ է իր զգալի միջոցները օգտագործելու ամբողջ աշխարհին մէջ հայկական քաղաքական նախաձեռնութիւններուն հակահարուած տալու համար: Անգարա պարբերաբար կը ճնշէ, կը սպառնայ եւ նոյնիսկ բռնութեան կ՛ենթարկէ բոլոր այն մարդիկը, կազմակերպութիւնները եւ պետութիւնները, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Փոքրիկ օրինակ մը բերեմ, թէ ինչպիսի՛ ժխտական զարգացումներ կրնան ըլլալ ապագային: Նկարահանման խումբ մը վերջերս յայտարարեց, որ մտադիր է կարեւոր ժապաւէն մը նկարահանել Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ Միշել Ահարոնեան-Մարքոմի «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» վէպին հիման վրայ: Անցեալ ամիս Պոլիս կատարած այցելութեան ընթացքին ժապաւէնի արտադրող Սոնա Թաթոյեան հարցազրոյց տուած էր թրքական թերթին՝ հաւանաբար անտեղեակ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերուն մէջ թրքական լրատուամիջոցներու տխրահռչակ խեղաթիւրումներու մասին: Թաթոյեանին բախտը բերած է, որ ան հարցազրոյց տուած էր Թուրքիոյ հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն՝ «Ռատիքալ»ին, որ յայտնի է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ազատական հայեացքներով:
Սակայն, նոյնիսկ այս պարագային, «Ռատիքալ»ի նիւթին մէջ առկայ էին որոշ փոքր աղաւաղումներ: Դրութիւնը ա՛լ աւելի վատ էր Թաթոյեանի հարցազրոյցին անգլերէն թարգմանութեան մէջ, որ կատարուած էր քիչ ճանաչում ունեցող «Ալ- Մոնիթըր» կայքէջին կողմէն, ուր լրջօրէն խեղաթիւրած էին անոր տեսակէտները:
Օրինակ, «Ռատիքալ» թերթին Թաթոյեանին յայտարարութիւնը, որ Ցեղասպանութեան զոհերու ոսկորները դուրս ցցուած էին Սուրիոյ Տէր Զօրի եւ Ռաս ուլ Այնի անապատներու աւազներէն, խեղաթիւրուած էր «Ալ-Մոնիթըր» կայքէջի կողմէ իբրեւ՝ «Մենք կը փշրէինք գանգերը եւ կը նետէինք ոսկորները»: Անկէ՛ աւելի վատ, «Ալ-Մոնիթըր»ը կեղծ մէջբերում կատարած էր Թաթոյեանէն՝ նշելով, որ՝ «անոնք [հայերը] պէտք է մոռնան Ցեղասպանութիւնը»: Իրա-կանութեան մէջ ան ըսած էր. «Խաղաղութեան կնքումը Անատոլիայի հետ, թուրքերու հետ, չի նշանակեր մոռնալ Ցեղասպանութիւնը կամ հանդուրժել թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը»:
Բնականաբար, Թաթոյեան վշտացած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր խոր համոզումներու աղաւաղումներուն համար: «Ասպարէզ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ան կտրականապէս հերքած էր, որ երբեւէ հայերուն ըսած ըլլայ մոռնալ Ցեղասպանութիւնը. «Ես նման յայտարարութիւն չեմ ըրած: Ինչպէ՞ս կրնայի: Ինչպէ՞ս կրնայի նման բան ըսել հարցազրոյցի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժապաւէնի մասին, երբ ես անձամբ կ՛օգնեմ անոր ստեղծման»:
Քանի որ «Ալ-Մոնիթըր» կայքէջին յօդուածը եղած է անգլերէն լեզուով, ապա օտար ընթերցողներուն մեծ մասը կարդացած էր Թաթոյեանի հարցազրոյցին աղաւաղուած տարբերակը, որ լայնօրէն տարածուած էր համացանցի մէջ: Բազմաթիւ ընթերցողներ մեծ հիասթափութիւն ապրած էին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր անունով ներկայացուած հայեացքներու պատճառով: Ասիկա լուրջ հարուած է Թաթոյեանի ջանքերուն, քանի որ մեծ ժապաւէններու ստեղծումը շատ ծախսատար է, որ հսկայական ներդրումներ կը պահանջէ: Երբ հաւանական ֆինանսական աջակիցները երես թեքեն, անիկա կործանարար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անոր ծրագրի իրագործման վրայ:
Սակայն Թաթոյեան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ժապաւէնի ծրագրին: Ան կը գիտակցի, որ՝ «ժապաւէնի արտադրութեան ժամանակ մնայուն փորձեր կատարուած են մեր ուշադրութիւնը շեղելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական ծաւալուն կարեւոր ժապաւէն նկարահանելու նպատակէն: Նման փորձեր դիմակայելու լաւագոյն ուղին ժապաւէնի վրայ կեդրոնանալն է եւ զայն աշխարհին ցոյց տալու համար նկարահանելը: Ժապաւէնը կը խօսի իր մասին», ըսած է ան «Ասպարէզ»ին:
Պարզ չէ, թէ արդեօք Թաթոյեանի հարցազրոյցին աղաւաղումը վատ թարգմանութեան հետեւա՞նք է, թէ՞ միտումնաւոր կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող կարեւոր ժապաւէնը վարկաբեկելու նպատակով: Այնուամենայնիւ, այսօրուընէ մինչեւ 2015 թուականի Ապրիլ 24ը, հաւանական է, որ հայերը բախին բազմաթիւ թրքական չարակամ ծրագիրներու՝ Թուրքիայէն արդարութիւն պահանջող հայկական նախաձեռնութիւնները տապալելու համար:
Հայերը զգօն եւ շրջահայեաց պէտք է ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի առնչութեամբ իրենց ծրագիրները հրապարակելու ժամանակ: Յատուկ ձեռնարկներու եւ ծրագիրներու նախաձեռնման հանգրուաններուն շատ քիչ մանրամասնութիւններ պէտք է բացայայտել հանրութեան: Պէտք է կարելի եղածին չափ թրքական կառավարութիւնը հեռու պահել նախատեսուած հայկական ձեռնարկներու մասին տեղեկացուած ըլլալէն, որպէսզի Անգարա վաղօրօք տեղեկութիւններ եւ ժամանակ չունենայ դիմակայելու եւ վարկաբեկելու հայկական արդար պահանջները՝ մարդկութեան դէմ գործած 20րդ դարու ամենանողկալի ոճրագործութիւններէն մէկուն 100ամեայ տարելիցին առնչութեամբ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը