
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Ճան Քերի, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ տուած իր վկայութեան ընթացքին պատասխանած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայութիւնը յուզող հարցերու առնչութեամբ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Պարպարա Պաքսըրի (Դ., Քալիֆորնիա) կատարած հարցումերուն:
«Նախ եւ առաջ կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ծերակուտականներ Մենենտեզի եւ Պաքսըրի, որ անգամ մը եւս հայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ դրին՝ անոնց մասին հարցումներ ներկայացնելով Քերիին: Նաեւ կը շնորհաւորենք Քերրի նշանակման վաւերացումը Ծերակոյտին կողմէ, սակայն միաժամանակ կը ցաւինք, որ աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին նեցուկ կանգնելէ ետք, Քերի եւս որդեգրած է նախագահ Պարաք Օպամայի նահանջի քաղաքականութիւնը՝ տեղի տալով Անգարայի ճնշումներուն դիմաց», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Համբարեան նաեւ անընդունելի համարեց այն իրողութիւնը, որ Քերի փորձած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու իր սկզբունքային կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկելու որոշումը արդարացնել՝ Հայ-թրքական արձանագրութեանց յաջողութիւնը ապահովելու պատրուակով: «Հայկական Ցեղասպանութիւնը անկեղծօրէն չդատապարտելու միջոցով Անգարան չզայրացնելու այս կեցուածքը վտանգաւոր պատգամ մըն է նման ոճիրներ ծրագրողներուն, որոնք կրնան այն տպաւորութիւնը ստանալ, թէ որեւէ ոճրագործ կրնայ պատասխանատուութենէ խուսափիլ, եթէ անոր փոխարէն քաղաքական կամ այլ հատուցումներ կատարէ», աւելցուց ան:
Համբարեան նաեւ շեշտեց, թէ Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործակցիլ Օպամայի եւ Քերիի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարեփոխել անոնց կեցուածքները՝ ապահովելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արցախի ժողովուրդին ինքնորշման իրաւունքը եւ հայ-ամերիկեան աւելի սերտ յարաբերութիւններ:
Նորանշանակ նախարարը, որ պաշտօնը ստանձնեց Ուրբաթ, Փետրուար 1ին, պատասխանած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերող հարցումներուն՝ վստահեցնելով, թէ պիտի շարունակէ Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը ու պիտի աջակցի հայակական հարցերու լուծման:
Ծերակուտական Մենենտեզ հարցուցած է, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի՞նչ դիրք պիտի որդեգրէ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ նախարարութեան արխիւներուն մէջ լայնածաւալ տեղեկութիւններ կան այդ մասին: Քերի ըսած է. «Կառավարութիւնը յստակօրէն կ՛ընդունի եւ կը ցաւի՝ իբրեւ պատմական փաստ ընդունելով այն, որ 1.5 միլիոն հայեր ջարդուած են ու դէպի մահ տարուած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Այս դէպքերը 20րդ դարու ամենավայրագ դէպքերէն կը հանդիսանան եւ նախարարութիւնը կը գիտակցի, որ անոնք կը շարունակեն ցաւի աղբիւր մնալ Հայաստանի ժողովուրդին եւ հայկական ծագում ունեցողներուն համար: Նախագահը ամէն Ապրիլի 24ին կը յարգէ զոհերուն յիշատակը»:
Մենենտեզ աւելցուցած է, թէ իր կարծիքով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում չշնորհելու արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը սխալ է եւ հարց տուած է, թէ Քերի ի՞նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ: Քերի ըսած է, թէ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար՝ իր պարտքը պիտի ըլլայ հաւատարմօրէն ներկայացնել նախագահին եւ վարչակազմին վարած քաղաքականութիւնը, որմէ ետք իր խօսքը կեդրոնացուցած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքին վրայ:
Իր կարգին՝ Մենենտեզ շեշտած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւնները ձախողութեան մատնուած են՝ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած նախապայմաններուն պատճառով, եւ խնդրած է նախարարէն ուրուագծել այն քայլերը, որոնց կը պատրաստուի նախաձեռնելու՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու նպատակով եւ վստահ ըլլալու համար, որ Թուրքիան կ՛իրականացնէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ կապուած Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն հետ:
Քերի կրկնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ այդ երկիրներուն հետ տարուող բանակցութիւններուն կարեւորագոյն կէտը: «Քլինթըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հետեւողականօրէն բարձրացուցած են արձանագրութիւններու հարցը Թուրքիոյ ղեկավարութեան առջեւ, եւ ես ալ կ՛երաշխաւորեմ, որ իմ պաշտօնավարութեան օրերուս նախարարութիւնը պիտի շարունակէ այդ քաղաքականութիւնը», ըսած է ան:
Իր կարգին, ծերակուտական Պաքսըր հարցումներ ուղղած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին եւ խնդրած է Քերիէն պարզել իր դիրքորոշումը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս փորձելով պարզել, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ քայլերու կրնայ ձեռնարկել՝ ստիպելու համար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը վերանայելու իր որոշումը մարդասպան Սաֆարովի առնչութեամբ, որպէսզի վերջինս դարձեալ բանտարկուի:
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու լուրը իմանալէ անմիջապէս ետք, Միացեալ Նահանգներ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի կառավարութեան: Աւելին, Սպիտակ տունը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ յայտարարութիւններ կատարած են՝ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով Սաֆարովի տեղափոխութեան եւ ներման առթիւ: Միացեալ Նահանգները կը դատապարտէ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ սրել լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ սպառնալով վնասել խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացը», նշած է Քերի:
Պաքսըր նաեւ հարց տուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերակառուցուած օդակայանէն թռչող օդանաւերը ռմբակոծելու Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն մասին: Քերի պատասխանած է. «Միացեալ Նահանգներ կը հաւատայ, որ կողմերը պէտք է դիւանագիտական միջոցներով լուծեն այս գծով տարաձայնութիւնները, իսկ վարչակազմը վճռականօրէն դէմ է որեւէ քայլի, որ կրնայ վնաս հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին»:
Պաքսըր նաեւ հարցուցած է, թէ Քերի կամ իր անձնակազմի անդամները ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ կը ծրագրե՞ն, իսկ Քերի պատասխանած է, թէ նախարարութեան պաշտօնատարները շարունակական երկխօսութեան մէջ են ամերիկահայ համայնքին եւ անոր կրօնական առաջնորդներուն հետ: «Այս փոխադարձ հաղորդակցութիւնը, տեղեկատուութեան եւ գաղափարներու փոխանակումը շատ կարեւոր է պետական վարչակազմի աշխատանքին համար», ընդգծած է Քերի:
Վերջապէս, Պաքսըր եւս հարց տուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ Քերիի դիրքորոշման մասին, որուն ան, գրեթէ նոյնութեամբ, տուած է Մենետեզի հարցումին իր տուած պատասխանը: