ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այսօր Սուրբ Վարդանանց զօրավարներու եւ Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուած 1036 վկաներու յիշատակութեան օրն է:
Այսօր նաեւ տօնն է բոլոր անոնց, որոնք չունին անուանակոչութեան օր, այսինքն՝ այսօր պէտք չունիս Վարդան կամ Շուշան անունը կրելու, որպէսզի օրդ շնորհաւորեն:
Յատկանշական է, որովհետեւ, ըստ ինծի՝ «բոլորիս օր»ուան խորհուրդը մեզմէ իւրաքանչիւրս կը ներշնչէ հերոսական պսակէն անմասն չմնալու յոյսը, համոզումը կամ հաւատքը:
Այո՛, Աւարայրը երբ ոգեկոչենք, առաջին հերթին կը յիշատակենք Վարդանի անունը, շատ-շատ՝ կրնայ ըլլալ որ յիշենք նաեւ անոր կողքին կռուած ու նահատակուած իշխաններուն անունները: Սակայն, Աւարայրը մղուած էր նաեւ տասնեակ հազարներով հայ շինականներու, քաղաքացիներու, աշխարհազօրի կողմէ, որոնց անունները չունինք այսօր արձանագրուած տեղ մը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իր Վիեթնամի պատերազմի բոլոր զոհերուն անունները մէկ առ մէկ արձանագրած է պատուոյ կամ յիշատակի պատին վրայ: Ո՛չ ոք անտեսուած է:
Աւարայրէն ետք մենք ունեցանք հերոսական այլ ճակատամարտեր, ֆէտայական բազմաթիւ ընդհարումներ, ունեցանք Մայիսեան երեքճակատեայ յաղթական մարտերը, ունեցանք Արցախեան Ազատագրական պատերազմը, որոնց բոլորին տուինք հազարաւոր նահատակներ, շարքային զինուորներ, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, արուեստագէտներ, զօրավարներ, հոգեւորականներ: Բոլո՛րը, բոլորը պէտք է յիշենք մէկ առ մէկ: Պէտք է յիշենք ու հպարտանանք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ընտանեկան ծառին վրայ, անպայմանօրէն մէկն ու մէկը այդ հերոսական փաղանգին մաս կազմած է:
Ուրեմն, Վարդանանց տօնին առթիւ՝ շնորհաւոր ձեր օրը, թող ձեր հոգիին մէջ շէնշողի հերոսականութեան ձգտումը: