Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Լեարդը մարմնի կարեւոր օրկաններէն մէկն է: Ան ամենամեծ գեղձն է մարմնին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 1500-1750 կրամ ծանրութիւն: Չափահասներու մօտ անիկա մարմնի ծանրութեան 2.5 տոկոսը կը կազմէ: Տղամարդոց լեարդը աւելի մեծ է քան կիներունը, իսկ մանուկներու մօտ լեարդը աւելի մեծ կ՛ըլլայ՝ անոնց մարմնի չափին համեմատ:
Լեարդը ունի սրճագոյն-կարմիր գունաւորում: Անիկա կակուղ է եւ առաձգական: Կը գտնուի որովայնին վերի աջ կողմը, ստոծանիին (diaphragm) յատակը եւ կրծոսկրի (sternum) վարի բաժինին ետեւը ու պաշտպանուած է կրծքավանդակի կողոսկրներով (ribs): Կը նմանի 4 երեսներով բուրգի (pyramid) մը, որուն գագաթը ուղղուած է դէպի ձախ կողմ եւ յատակը դէպի աջ կողմ: Գագաթը կը գտնուի ստոծանիին եւ ստամոքսին միջեւ: Յառաջամասի, վերին, եւ յետսամասի մակերեսները կը դպչին ստոծանիին:
Լեարդի դիրքը կախեալ է ստոծանիի շարժումներէն, շնչառութեան կշռոյթէն, մարմնի դիրքէն, հորիզոնական-ոտքի կամ ուղղահայեաց- պառկած մարմնի վիճակէն, իր շուրջը գտնուող օրկաններու իրավիճակէն եւ ձեւէն, ինչպէս նաեւ ստամոքսի լեցուն կամ պարապ ըլլալէն:
Լեարդը կազմուած է չորս անհաւասար բլթակներէ (lobes): Երկու մեծ՝ աջ եւ ձախ բլթակներէ եւ երկու պզտիկ բլթակներէ, որոնք կը կոչուին quadate եւ quadrate բլթակներ: Իւրաքանչիւր բլթակ կը ներկայացնէ հազարաւոր պզտիկ բլթակներու (lobules) ամբողջութիւն մը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կազմուած է լեարդային բջիջներէ:
Իւրաքանչիւր բլթակ ունի իր ծորանը՝ մաղձուղին (bile duct): Այս ծորանները միանալով կը կազմեն լեարդի միացեալ մաղձուղին (common Hepatic duct), որ ունի 2.5 սմ. երկարութիւն: Ան, կ՛ուղղուի դէպի վար եւ կը միանայ լեղուցածորանին (cystic duct) հետ ու կը կազմէ մաղձածորանը (bile duct), որ իր կարգին զուգահերաբար կը քալէ յետսաստամոքսային գեղձի (pancrease) ծորանին հետ: Այս երկու ծորանները միանալէ ետք կը բացուին տասներկումատնեայ աղիքին (duodenum) մէջ:
Լեարդը հարուստ է արիւնով: Ան կը պարունակէ մարմնի արեան 10 տոկոսը: Ամէն վայրկեան լեարդէն դուրս կը մղուի մօտաւորապէս 1.5 լիթր արիւն:
Սաղմային կեանքի ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն: Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է՝ մասնակցիլ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին:
Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը: Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին (regenerate), այսինքն՝ կ՛աճի՛ն եւ կը բազմանան: Այս մէկը կը տեսնուի, երբ լեարդը վիրաւորուի, հիւանդանայ, անկէ մաս մը վիրահատուի եւ կամ փոխպատուաստումի գործածուի: Լեարդի մնացեալ առողջ մասը քանի մը ամիսներու ընթացքին կը վերագտնէ իր նախկին բնական չափը եւ ծաւալը:
Տեսնուած է, որ լեարդի 70 տոկոսի հատումով, մնացեալ լեարդի բաժինը բաւարար է բնական աշխատանքի համար:
Լեարդը շարունակ կը գործէ եւ ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ:
Այս պարտականութիւններուն կարեւորագոյններն են՝
1. Կ՛արտադրէ օրական 500-600 մլ. մաղձ (bile), որ կանաչ-դեղին հեղուկ մըն է, որ կը պարունակէ ջուր, մաղձային աղեր (bile salts), մաղձային ներկեր ((bile pigments), քոլեսթերոլ, bilirubin եւ բնասպիտներ (proteins): Մաղձը հասնելով տասներկումատնեայ աղիք՝ կ՛օժանդակէ՛ մարսողութեան, մասնաւորապէս՝ կազմալուծելու համար ճարպերը:
2. Մարսողութեան ընթացքին ածխաջրատներու (carbohydrates) եւ բնասպիտներու մարսողութեան արտադրութիւնները (end products) կը հասնին լեարդ: Ածխաջրատ glucose-ը կը փոխուի glycogen-ի, որ կ՛ամբարուի՛ լեարդին մէջ՝ յետագային գործածուելու համար ըստ պահանջի:
3. Կ՛արտադրէ՛ զանազան տեսակի խմորիչներ (enzymes) եւ բնասպիտներ, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացին մէջ եւ արեան մակարդումին (clotting) համար:
4. Կը հակակշռէ արեան ճարպի, բնասպիտի եւ ածխաջրատներու քանակը:
5. Կ՛արտադրէ heparin-ը, որ հակամակարդիչ (anticoagulent) մըն է:
6. Ան կը գործէ արեան կարմիր գնդիկներու ներկանիւթին (hemoglobin) վրայ:
7. Կ՛արտադրէ բնասպիտներու նախանիւթերը:
8. Կը մաքրագործէ արիւնը կարգ մը մանրէներէ եւ նիւթերէ, օրինակ՝ ալքոլէ:
9. Կ՛ամբարէ կենսանիւթեր եւ մետաղներ, օրինակ՝ A, D, K, B12 կենսանիւթերը եւ երկաթը:
10. Կ՛արտադրէ քոլեսթերոլ. մարմնին ընդհանուր քոլեսթերոլին 80 տոկոսը կ՛արտադրուի լեարդին մէջ:
11. Մարմնին մէջ արտադրուած կարգ մը թափօններ (waist products), որոնք երիկամներէ չեն արտաթորուին, կը հասնին լեարդ եւ մաղձի միջոցաւ կը հասնին տասներկումատնեայ աղիք, ուրկէ կ՛ուղղուի՛ն դէպի հաստ աղիք:
12. Կը հակազդէ մարմնին մէջ յառաջացած բորբոքումներուն:
13. Կը հակակշռէ որոշ թոյներ եւ դեղեր:
14. Կ՛արտադրէ կարգ մը ներազդակներ եւ կը կ՛անոնաւորէ անոնց աշխատանքը, օրինակ՝ առական ներազդակը (hormone):
15. Կը կանոնաւորէ շատ ներազդակներու գործունէութիւնը, օրինակ՝ վահանագեղձի (thyroid gland) եւ մակերիկանի (adrenal gland) ներազդակներու գործունէութիւնը:
Լեարդի կենսական դերակատարութիւնները կը դանդաղին եւ կամ կը դադրին, երբ լեարդը ախտահարուի զանազան տեսակի հիւանդութիւններով: