ՅԱՍՄԻԿ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆ
ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարաններու մասնաճիւղերուն մէջ գործող Հայ ուսանողական միութեանց նախաձեռնութեամբ, Յունուար 31ին բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան «Ուրացման արատ»ը խորագիրին տակ՝ անգամ մը եւս ցոյց տալով, թէ հայ ուսանողները Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին:
Այդ օրը առիթ մը հանդիսացաւ հայ ուսանողներուն համար, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով համայն մարդկութեան կոչ ընեն, իչնպէս նաեւ վերյիշեն Ցեղասպանութեան զոհերը:
Հաւաքները առիթ մը հանդիսացան ցոյց տալու, թէ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ինչպիսի՛ վատ հետեւանքներ ունեցած է՝ նախադէպը հանդիսանալով ապագայ ցեղասպանութիւններու: Նաեւ, ցոյցերը անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ մենք ամէն օր կը յիշենք հայութիւնը բնաջնջելու եւ զայն անմարդկայնացնելու նպատակով գործադրուած այդ ահաւոր ոճիրները՝ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով միասնակամ գործելու կարեւորութիւնը:
Ցոյցին ընթացքին մեզի մօտեցող ոչ հայերէն շատեր հետաքրքրուած կը թուէին ըլլալ՝ լսելով մեր հաղորդած տեղեկութիւնները, որովհետեւ անոնք փաստօրէն տեղեկութիւն չունէին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Մեզի համար հետաքրքրական ու անակնկալ էր տեսնել ուսանողներ, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իրենց նորագիւտ տեղեկութիւնները խորացնելու համար անմիջապէս կը դիմէին իրենց համակարգիչներուն եւ հեռաձայններուն: Անցեալի մասին իր ունեցած գիտելիքները ուրիշներուն փոխանցելն ու այդ գիտելիքներուն այսպիսի ընկալում մը՝ հպարտութեան աղբիւր են հայ երիտասարդին: