
Վիրահայոց թեմը Մեծ Պահքին նախորդող Բուն Բարեկենդանի տօնը նշանաւորած է արդէն աւանդական դարձած հարիսայի՝ «Հարիսայ-2013» փառատօնով, զոր նախաձեռնած են Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանը:
Փետրուար 10ին կիրակնօրեայ Ս. պատարագէն ետք Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հարիսայ-2013» փառատօնը, որուն ներկայ եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը, եկեղեցու հոգեւոր դասը, Վրաստանի մէջ ՀՀ հիւպատոս տիկին Անահիտ Բարսեղեանը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանի խորհրդական Վահագն Աֆեանը, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ վիրահայ հասարակայնութեան անդամներ:
Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան խօսած է հարիսայի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած նշանակութեան մասին եւ կոչ ուղղած ժողովրդական այլ աւանդոյթներու նման այս ճաշատեսակը եւս պահպանել եւ փոխանցել սերունդներուն: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղած է բոլոր հիւրերուն եւ անհատ հովանաւորներուն, որոնց աջակցութեամբ տօնը նշանաւոր դարձած է «Հարիսայ-2013» փառատօնով:
Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ լուսարարապետ Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան, մեկնաբանելով օրուան խորհուրդը, մանրամասն խօսած է Բուն Բարեկենդանին յաջորդող Մեծ Պահքի նշանակութեան մասին:
Ձեռնարկին ընթացքին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան օրհնած է հարիսան, որմէ ետք զայն բաժնած են ժողովուրդին: