
ԹԱՒՐԻԶ.- Տեառնընդառաջի նախատօնակին, Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5ին, Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Նախատօնակի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Եկեղեցւոյ մէջ մեծ թիւ կը կազմէին նաեւ մանուկները, որոնք իրենց ծնողներուն հետ եկած էին, մասնակից դառնալու օրուան խորհուրդին: Նոյնպէս, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընառաջի արարողութիւն, ծխատէր Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի կողմէ:
Ժամերգութեան ընթացքին կատարուեցաւ անդաստան, երբ օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, եւ ապա թեմակալ առաջնորդը Ս. խորանէն առնելով լոյսը, վառեց եկեղեցւոյ կեդրոնը գտնուող եռամատեան աշտանակը: Իր պատգամին մէջ, ան վեր առաւ հայ մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս շեշտելով ծնողներուն դերակատարութիւնը: Ան յատկապէս շեշտեց անմեղ երեխաներու հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային կրթութեան անհրաժեշտութիւնը: «Այս մանուկները մեր կեանքն են, մեր յոյսն են, մեր տան լոյսն են, մեր ապագան են ու մեր ազգի յաւերժութեան երաշխիքը: Այսքան մեծ դրամագլուխի հետ, իմաստութեամբ պէտք է վերաբերուինք», ըսաւ առաջնորդը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Թաւրիզի եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբի կողմէ կատարուած «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ, թափօրը յառաջացաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր հայր սուրբին ձեռամբ առաջին բոցը տրուեցաւ աւանդական խարոյկին:
Այնուհետեւ սկսաւ պատանիներու եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու խանդավառ պահը: Տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն, երբ արուեստական պայթուցիկներով լուսաւորուեցաւ գիշերուան երկինքը: Երիտասարդներ կը ցատկէին կրակի վրայէն, իսկ դպրոցական աշակերտներ՝ կը շրջէին անոր շուրջ:
One of my favourite days. It’s great to read about this here.