ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ հրատարակուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի «Պտոյտ մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի երկրորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ այս երկարաշունչ «պտոյտ»ին 83րդ յօդուածէն մինչեւ 164րդ յօդուածը։
Նախաբանին մէջ Ռ. Հատտէճեան կը գրէ. «Այս երկրորդ հատորով կը շարունակենք այն օրհնեալ պտոյտը, որուն առաւօտ մը ձեռնարկեցինք մեր բառարաններու էջերէն ներս՝ առանց գիտնալու, թէ որքան հեռու պիտի երթայինք։ Օրհնեալ պտոյտ իսկապէս, որուն բուն նպատակն է օրհնութիւններ տեղացնել բոլոր այն երանելիներուն վրայ, որոնք դարերու ընթացքին ձեւաւորեր, հարստացուցեր ու գործածեր են մեր Մայրենին, մեր Մայրենին հասցուցեր են աշխարհի քանի մը ամէնէն կատարելագործեալ լեզուներու մակարդակին»։
Իր կարգին, «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Սա շրջանին, երբ մեր հրաշալի Արեւմտահայերէնը այնքան կ՛անտեսուի ժողովրդական լայն խաւերու կողմէ, եւ որուն փրկութեան համար ահազանգներ կը հնչեն Հայաշխարհի զանազան կողմերը, այս շարքը կու գայ շատ բան շահեցնել Արեւմտահայերէնին եւ հաճելի ոճով մը ծանօթացնել մեր լեզուին ծանօթ կամ անծանօթ հարստութիւնները։ Գիտենք արդարեւ որ մեր լեզուին սիրահար ու ընթերցասէր մեր ընթերցողները առաջին օրէն ի վեր, թէ՛ թերթէն, թէ՛ «Մարմարա»ի համացանցի կայքէջէն, յափշտակութեամբ եւ հեւ ի հեւ կը հետեւին այս շարքին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.