
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը զիջած է իր դիրքերը ՖԻՖԱի վարկանշային նոր աղիւսակին վրայ: ՖԻՖԱի պաշտօնական կայքէջին համաձայն, ազգային ընտրանին 80րդ դիրքին վրայ է՝ 462 կէտով: Նախորդ ամսուան հետ բաղդատելով՝ ազգային խումբը նահանջած է 5 դիրքով:
Աղիւսակին վրայ յառաջատար դիրքեր կը շարունակեն գրաւել Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Արժանթինի ընտրանիները: