
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Գրական երկեր» խորագրեալ Գարեգին Նժդեհի բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 14 Փետրուարին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: Ժողովածուի մէջ ամփոփուած են պետական եւ քաղաքական գործիչի այն արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւնները, որոնք տարբեր տարիներու ընթացքին տպագրուած են մամուլի էջերուն մէջ:
ԵՊՀի Պատմութեան բաժանմունքի նախագահ Էդիկ Մինասեանի համաձայն, այս գիրքը՝ իբրեւ պետական, քաղաքական եւ պատմական գործիչի մտորումներու արտայայտութիւն, աննախադէպ երեւոյթ է հայ իրականութեան մէջ, որ քնարականութեան զուգահեռ ունի նաեւ պատմական խորք:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, նժդեհագէտ Ռաֆայէլ Համբարձումեան, որ հաւաքագրած եւ մէկ ժողովածուի մէջ ամփոփած է Նժդեհի ստեղծագործութիւնները, դիտել տուած է, որ Նժդեհին ստեղծած արձակը եւ յատկապէս բանաստեղծական արձակը մեծ արժէք կը ներկայացնէ ողջ հայ գրականութեան համար: «Սա երեւոյթ է մեր գրական կեանքում, Նժդեհի բառերով իսկ ասած՝ «հայրենատիրական» գրականութիւն է, որն իր ազդեցութիւնն է թողել հայ բազմաթիւ գրողների ստեղծագործական ուղու վրայ», յայտնած է Ռաֆայէլ Համբարձումեան:
«Գրական երկեր» ժողովածուի վերլուծութեամբ եւ գիրքի ձեւաւորման վերաբերեալ իր դիտարկումներով հանդէս եկած է Բանասիրական եւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեանը: Ներկայացնելով Նժդեհի գրական ուղին՝ վերջինս նշած է, որ Նժդեհի գրական ստեղծագործութիւնները վերլուծելու ընթացքին շատ կարեւոր է նկատի առնել նաեւ այն ժամանակաշրջանը, երբ ապրած է հեղինակը: «Չնայած քաղաքական ու պետական գործիչ լինելուն, գերադասելով զէնքը, Նժդեհը ցած չդրեց գրիչը եւ պատմական ժամանակաշրջանին բնորոշող իր հայրենասիրական, մայրական սիրոյ եւ պանդխտութեան թեմաներով երկերի մէջ ներկայացրեց ժամանակի շունչը», յայտնած է Սամուէլ Մուրադեանը՝ բարձր գնահատելով հեղինակին ստեղծագործութիւնները հաւաքած եւ զանոնք մէկ ժողովածուի մէջ ամփոփած Ռաֆայէլ Համբարձումեանը:
Խօսելով երաժշտութեան նկատմամբ Նժդեհին ունեցած մեծ սիրոյ մասին, որ կ՛արտայայտէ նաեւ անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, Դանիէլ Երաժիշտը ընդգծած է, որ այդ երաժշտականութիւնը բնորոշ է նաեւ Նժդեհի բանաստեղծութեան:
Գարեգին Նժդեհի «Գրական երկեր» ժողովածուն տպագրուած է «Էդիտ պրինտ» հրատարակչութեան կողմէ: Հրատարակութեան ծախսերը հոգացած են հանրային գործիչ, բժիշկ Սերժ Մկրտչեանը եւ իրանահայ բարեգործ Վարուժան Կիւրեղեանը: Արձակ եւ չափածոյ բանաստեղծութիւններէն բացի, ժողովածուին մէջ տեղ գտած են նաեւ Գարեգին Նժդեհի մօտ 450 ասոյթներ: