ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ հաւաքուող «Չինուան» քարշակները (tractors) շատ աւելի նուազ վառելանիւթ կը սպառեն, քան նախկին Խորհրդային Միութեան արտադրութեան քարշակները: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է «Չինուան» Գիւղատնտեսական սարքերու արտադրական ձեռնարկութեան տնօրէն Սամուէլ Նաջարեանը: Անոր համաձայն, քարշակները ունին 25-95 ձիաուժ հզօրութեամբ շարժիչ: Վառելանիւթի ծախսը պայմանաւորուած է շարժիչի հզօրութեամբ: «Բոլոր դէպքերում վառելիքի ծախսը աւելի խնայողական է, քան նախկին Սովետական Միութեան արտադրանքներինը», յայտնած է Նաջարեանը: Անոր համաձայն, քարշակներ կարելի է ձեռք բերել տարբեր ձեւերով՝ վարկերու, փոխանցումներու միջոցով: Անոնք կը վաճառուին 8-22 հազար տոլարի: Նաջարեանը նշած է, որ քարշակներու արտադրութիւնը սկսած է 2003 թուականէն, կ՛արտադրուին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան մէջ օգտագործուող գործիքներ: «Մինչեւ այսօր արտադրել ենք շուրջ 700 տրակտոր եւ 1500ից աւելի գործիքներ», յայտնած է ան: Նաջարեանի համաձայն, քարշակները նաեւ երկրագործական եւ շինարարական այլ աշխատանքներ տանելու ատակ են. ան հաստատած է, որ քարշակներու պահանջք կայ նաեւ Վրաստանի կողմէ։
Հայ-չինական միացեալ «Չինուան» ձեռնարկութիւնը հիմնադրուած է Վանաձորի նախկին «Էլեկտրօն» գործարանի տարածքին մէջ: Ներածուած պահեստամասերով ձեռնարկութիւնը փոքր քարշակներ կ՛արտադրէ 9 տարիէ ի վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.