
ՏԱԼԱՍ, «Էյ.Փի.».- «Ամերիքըն Էրլայնզ» եւ «Եու.Էս. Էրուէյզ» օդանաւային ամերիկեան ընկերութիւնները Փետրուար 14ին պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ որոշած են կազմել միացեալ ընկերութիւն մը, որ պիտի պահէ առաջինին անունը:
11 միլիառ տոլար արժող համաձայնութիւնը եթէ վաւերացուի ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ, ապա մէջտեղ պիտի բերէ օդային ճամբորդութեան մարզի ամերիկեան մեծագոյն ընկերութիւնը, որ կրնայ տարեկան 40 միլիառ տոլար եկամուտ ապահովել ու հասնիլ 56 երկիրներու մէջ գտնուող 336 օդակայաններ՝ օրական աւելի քան 6700 թռիչքներ իրականացնելով:
Նոր ընկերութեան բաժնետոմսերուն 72 տոկոսը պիտի յանձնուի «Ամերիքըն Էրլայնզ»ի բաժնետոմսերու սեփականատէրերուն, իսկ մնացեալը՝ «Եու.Էս. Էրուէյզ»ի: