
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երեքշաբթի, Փետրուարի 19ին ամբողջացաւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան 9րդ տարին:
Ինը տարի առաջ՝ 2004 թուականի այս օրը, Պուտափեշթի պանդոկներէն մէկուն մէջ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար կացնահարուեցաւ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ: Մարգարեանը Հունգարիա մեկնած էր մասնակցելու ՆԱԹՕի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագիրին: Սպանութենէն անմիջապէս ետք, մարդասպանը կ՛երթայ այլ հայ սպայի մը՝ Հայկ Մակուչեանի սենեակը, սակայն դուռը փակ ըլլալով չի կրնար ներս մտնել: Դատարանին մէջ, յանցագործը կը խոստովանի իր յանցանքը եւ կը յայտարարէ, որ չի զղջար կատարածին համար: Ան նաեւ կը յայտարարէ, որ Մարգարեանը սպաննած է, պարզապէս, որովհետեւ ան հայ էր:
Հունգարական դատարանը Սաֆարովը դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան: Ութ տարի բանտը մնալէ ետք, Սաֆարով 2012ի Օգոստոս 31ին, ատրպէյճանա-հունգարական ստորին համաձայնութեամբ մը կը յանձնուի Պաքուի իշխանութեանց եւ ան ազատ կ՛արձակուի ու կը հերոսացուի: