ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Շուրջ ամիս մը առաջ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած հայ զինուորը ազատ արձակուած է։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ Յակոբ Թունճեան գերի ինկած էր Ռաքքայի Մաատան շրջանին մէջ։ Ռէյիսեանի համաձայն, Թունճեան ներկայիս ապահով վայրի մը մէջ կը գտնուի։
Քանի մը օր առաջ իր աշխատավայրի ճամբուն վրայ առեւանգուած Գէորգ Գարակուլեանին եւ առեւանգուած հոգեւորականներուն գծով Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ տակաւին անոնց մասին տեղեկութիւններ չկան։
Հալէպի որոշ թաղամասերուն մէջ ռմբակոծումները կը շարունակուին, սակայն, ըստ Ռէյիսեանի, անոնք համեմատաբար հեռու են հայկական թաղամասերէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.