ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի պաշտպանութեան ուժերու պահեստին մէջ կատարուած ստուգումներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած գոմէշի միսի գծով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ 20 Փետրուարին ձերբակալուած բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն թիւը հասաւ երկուքի: Այդ մասին «Փանորամա»ին տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան աւագ սպայ Մերի Սարգսեանը: Առայժմ պաշտօնեաներուն անունները չեն հրապարակուիր:
Նախապէս «Փանորամա»ն տեղեկացուցած էր մէկ ձերբակալուածի մասին, իսկ աւելի ուշ ձերբակալուած է նաեւ միւս պաշտօնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.